Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորագիրը Սուրբ Երկրի յանձնակատարներ հիմնադրութեան 600 ամեակի առիթով։

Յառաջիկայ 14 փետրուարին, կը նշուի Մարտինոս Ե Պապին կողմէ հիմնուած «Սուրբ երկրի յանձնակատարներ» հիմնարկութեան 600 ամեակը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Երկրի յանձնակատարներու հիմնադրութեան 600 ամեակի առիթով, 2 փետրուարին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ շնորհաւորագիր յղեց Սուրբ Երկիր պահակ հայր Ֆրանչեսքօ Փաթոնիին, որուն մէջ շնորաւորեց 600 տարի առաջ Մարտինոս Ե Պապի կողմէ հիմնուած առաքելութիւնը,  մաղթելով որ այդ հիմնարկը միշտ դառնայ եկեղեցական , եղբայրսիրական յարաբերութիւններու կարեւոր ցանց մը։

Շնորհաւորագիրի մէջ Սրբազան Հայրը գրեց.

«Յառաջիկայ 14 փետրուարին, կը նշուի Մարտինոս Ե Պապին կողմէ հիմնուած Սուրբ երկրի յանձնակատարներ հիմնարկութեան 600 ամեակը։

Այս բոլոր դարերէ ետք յանձնակատարներու առաքելութիւնը միշտ  այժմէական է. աջակցիլ, զօրացնել, արժեւորել Սուրբ Երկրի պահակութեան ծառայութիւնը, վերածելով եկեղեցական, հոգեւոր, եղբայրասիրական յարաբերութիւններու ցանց մը, որ  ունի իբրեւ  կեդրոնական կէտ,  երկիրը ուր Յիսուս ապրեցաւ։ Կ՝օրհնեմ ու կը զօրհակցիմ այս թանկարժէք ծառայութեան եւ կը մաղթեմ որ միշտ կարենայ դառնալ եղբայրական սերմ։»

Գրեց ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորագիրին մէջ, որուն աւարտին, իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով բոլորին խնդրեց, որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2021, 13:00