Եղէք Աստուծմէ սիրուած մերժուածներուն ծառաներ. Ֆրանչիսկոս Պապը Վենեզուելլայի կղերական դասին։

Վենեզուելլայի եպիսկոպոսներուն ու թեմական կղերական եւ կրօնաւոր դասին յղած լսատեսողական պատգամով մը, Սրբազան Պապը շեշտը կը դնէ համաճարակի ժամանակներուն Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան վրայ, խրախուսելով սէր ունենալ ու դառնալ «աստուածային քնքշութեան շոյանքը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սէր եւ ծառայութիւն։ Ասոնք են երկու ուղղութիւնները, երկու սկզբունքները զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը յորդորէ վերակենդանացնելու համար Հովիւներուն առաքելութիւնը։

«Մեր քահանաները համաճարակի ընթացքին, անոնց փորձառութիւնը եւ անոնց առաքելութիւնը այս ժամանակահատուածին» վերտառութեամբ Վենեզուելլայի Եպիսկոպոսներուն եւ կղերական դասին «վիրթուալ» հաւաքին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը լսատեսողական պատգամ մը յղեց  հաւաքին մասնակցողներուն։

Յառաջ տանիլ Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը։

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը կը յիշէ առողջապահական ճգնաժամին պատճառած դժուարութիւնները, որոնք, կ՛ըսէ Ան «կը ճնշեն Վենեզուելլայի ու համայն աշխարհի մեր բազմաթիւ եղբայրներուն ու քոյրերուն վրայ», նշելով  որ «Ասիկա պահն է առաքելական եղբայրական հոգիով բաժնեկցելու քահանայական փորձառութիւնները, յոգնութիւնները, տարակոյսները, ինչպէս նաեւ ձգտումներն ու համոզումը, յառաջ տանելու Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը, որ Տիրոջ գործն է»։

Գործիքներ Յիսուսին ձեռքերուն մէջ։

Նորին Սրութիւնը յիշելով ապա Յիսուսին աշակերտներուն ուղղած հրաւէրը իր մօտ հանգստանալու, հրաւէր կ՛ուղղէ աշխատելու միասին, հայեացքը ուղղելով միակ առաջնորդող լոյսին՝ Տիրոջ լոյսը։

«Մենք չենք կրնար գործել միայնակ, կղզիացած, ինքնաբաւ, թաքուն օրակարգերով» կ՛ըսէ Նորին Սրբութիւնը, անհրաժեշտ նկատելով դէպի Յիսուս վերադարձը, խորհուրդներու մէջ համախմբուիլը եղբայրութեամբ, Տիրոջ ու նաեւ իրարու պատմելու «ամէն այն բաները, որ գործեցինք եւ սորվեցուցինք» այն համոզումով, որ այդ մէկը մեր գործը չէ, այլ Աստուծոյ գործը։ Ան է որ մեզ կը փրկէ, մենք Անոր ձեռքերուն մէջ պարզ գործիքներ ենք։ Գործիքներ, որոնք իրենք զիրենք կը դնեն ի սպաս ծառայութեան, սիրելով մերձաւորը։

Սէր եւ ծառայութիւն։

Այս մէկը կարելի է իրականացնել երկու Խորհուրդներու միջոցաւ, զոր Յիսուս պատգամեց վերջին ընթրիքի պահուն. Սուրբ Հաղորդութիւնը, սորվեցնելու համար Յիսուսին սէրը ու «ոտքերու լուացումը» սորվեցնելու համար ծառայութիւնը։

 «Սէր եւ ծառայութիւն միասնաբար» շեշտեց Քահանայապետը։

Մերժուածներուն մօտիկ։

«Տէրը մեզմէ կը խնդրէ ըլլալ մասնագէտներ, ուրիշները սիրելու պարտականութեան մէջ ու կարող անոնց ցոյց տալու, առօրեայի փոքր արարքներով, աստուածային քնքշութեան շոյանքը» կ՛աւելցնէ հուսկ Սրբազան Պապը շեշտելով՝ թէ «Տէրը կ՛ուզէ որ մենք ըլլանք ծառաներ, մեր եղբայրներուն խոնարհ ծառաները»։

Հարկաւոր է առ այդ վերակենդանացնել Բարի Հովիւին նմանելու իղձը, ու սորվիլ դառնալ բոլորի ծառայ, յատկապէս աւելի անբարեբախտ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ու այնպէս ընել, որ անոնք այս տագնապի ժամանակի ընթացքին իրենք զիրենք զգան սիրուած եւ ուղեկցուած։

Իրենց ձեռքը երկարող վկաներ

Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը խրախուսէ բոլորը աշխատելու ուրախութեամբ եւ վճռակամութեամբ, նորոգելով իրենց անձերու նուիրումը՝ «Տիրոջ ու անոր սուրբ ժողովուրդին», ապա շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլորին Վենեզուելլայի եղբայրներուն ու քոյրերուն մատուցած ծառայութեան ու ցուցաբերած սիրոյն համար, հիւանդներուն նկատմամբ ուշադրութեան, համաճարակի ընթացքին առողջապահական մարզի գործիչներուն աջակցութեան ու աղքատներուն եւ բացառուածներուն նուիրած օգնութիւններուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2021, 14:57