«Յիսուս մեր Փրկիչն է» «Յիսուս մեր Փրկիչն է» 

«Յիսուս մեր Փրկիչն է» Ֆրանչիսկոս Պապին 9 Յունուարի թուիթը։

«Դժուարութիւններն ու տառապանքները չեն կարող մթագնել Ծննդեան լոյսը, զոր ոչ մէկ բան եւ ոչ մէկը կարող է մեզմէ խլել»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Ծնունդը կ՛անցնի։ Բայց  պէտք որ ընտանիքի, աշխատանքի կեանքին վերադառնանք կերպարանափոխուած, պէտք է վերադառնանք՝ փառաբանելով եւ գովաբանելով Աստուած այն ամէն բաներուն համար զոր տեսանք եւ ունկնդրեցիք։ Պէտք է՝ որ աշխարհին տանինք բարի լուրը. Յիսուս մեր Փրկիչն է»։

Խօսքերն են ասոնք, որ պարունակութիւն են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 9 Յունուարին հրապարակած թուիթին եւ որ քաղուած են Նորին Սրբութեան անցեալ 21 դեկտեմբերին Վատիկանի աշխատաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին արտասանած ճառէն, ուր ի մէջ այլոց Սրբազան Պապը հաստատած էր նաեւ «դժուարութիւններն ու տառապանքները չեն կարող մթագնել Ծննդեան լոյսը, որ կը հրահրէ մտերմիկ ուրախութիւնը, զոր ոչ մէկ բան եւ ոչ մէկը կարող է մեզմէ խլել»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2021, 13:30