Պաշտպնաել կեանքը Պաշտպնաել կեանքը 

«Կեանքը պաշտպանել խօսքի եւ արարքներու քաջութեամբ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետին ուրբաթ 29 Յունուարին թուիթը նուիրուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ այսօր նշուող «կենաքի համար քայլարշաւ»ին,
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Կեանքի մշակոյթը ժառանգութիւն մըն է, որ քրիստոնեաները կ՛ուզեն կիսել բոլորի հետ. Ամէն մէկ՝ մի եւ անկրկնելի մարդկային կեանք, անգնահատելի արժէք մը կը կազմէ։ Այս մէկը պէտք է հռչակուի միշտ եւ նորէն, խօսքի եւ արարքներու քաջութեամբ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուրբաթ 29 Յունուարին հրապարակած  թուիթներէն մին, նուիրուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ այսօր նշուող «կեանքի համար քայլարշաւ»ին, որ համաճարակի պատճառաւ կը կատարուի առցանց։

Սրբազան Պապը իր այս գրառումով ուզեց անգամ մը եւս շեշտը դնել ամէն մէկ քրիստոնեայի յանձնառութեան վրայ՝ պաշտպանելու այս անգնահատելի արժէքը՝ կեանքը՝ սաղմէն մինչեւ մահ։ Ան կը խրախուսէ քրիստոնեաները այս սկզբունքը ամենուրէք տարածելու ու պայքարելու կեանքի մշակոյթին ի սպաս։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յաճախ կոչ ըրած է պաշտպանելու եւ խթանելու ամէն մէկ մարդկային կեանք, որովհետեւ Եկեղեցւոյ համար այս մէկը գաղափարախօսութիւն մը չէ այլ մարդկային իրականութիւն մըն է, որ կը ներգրաւէ բոլոր մարդ էակները։ Կեանքը սուրբ է եւ անոր դէմ որեւէ արարք սրբապղծութիւն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2021, 14:00