Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ամուսնութեան դատերու Քահանայապետական ատեանի անդամներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ամուսնութեան դատերու Քահանայապետական ատեանի անդամներուն հետ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ամուսնութեան դատերու Քահանայապետական ատեանի անդամներուն հետ։

«Եկեղեցին մայր է եւ դուք կանչուած էք բացուելու այս դժուար հովուական առաքելութեան, որ կը հայի զաւակներու նկատմամբ մտահոգութեան, զաւակներ որոնք անմեղ զոհերն են բազմաթիւ խզումներու, ապահարզանի եւ նոր քաղաքական միութիւններուն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ամուսնական անվաւերութեան յայտարարումը սոսկ «դատական ​​որոշման» սառ  գործողութիւն մը չէ, որովհետեւ ան կ՛ազդէ անձերու, ամուսնացեալ զոյգերու և երեխաներու հասարակութեան կեանքի վրայ, որ կը նոյնանայ «ընտանիքի բարիքի» հետ, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ան կը քանդուի: Որպէս Քահանայապետական ամուսնութեան դատերու բարձրագոյն ատեանի  դատաւոր ՝ դուք չէք կրնար «անտարբեր մնալ ի տես այն աղետալի հետևանքներուն, որոնց կարող է հանգեցնել ամուսնութեան ճշմարտութեան հայող որոշումը» երեխաներու բարիքի, անոնց խաղաղութեան կամ, բաժանումին ի տես անոնց  ուրախութիւն կորուստին վրայ»:

Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ ՝ ամուսնութեան անվաւերութեան «արդար  եւ իրաւացի» որոշումներու ցաւալի հետեւանքներու մասին Ամուսնութեան դատերու Քահանայապետական բարձրագոյն ատեանի դատական տարւոյն բացման առթիւ, ուրբաթ 29 Յունուար 2021-ի առաւօտեան, ատեանի դատական անձնակազմին ու համագործակիցներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։

Ընտանիքին բարիքը չի վերանար ամուսնալուծումով

Քահանայապետը ակնարկեց հաւատքէն չի լուսաւորուած բազմաթիւ ամուսնութիւններուն այս ծիրէն ներս ընդգծելով, թէ ամուսնութեան անվաւերութիւնը յայտարարելով զաւակներուն բարիքը չի վերանար, որովհետեւ ընտանիքը առկախուած բարիք մը չէ , այլ  աստուածային ծրագիրի արդիւնք է։ Եւ զոյգերը Աստուծմէ անոնց պարգեւած զաւակներու հետ միասին կը կազմեն նոր իրականութիւնը՝ զոր մենք կ՛անուանենք ընտանիք։

Սրբազան Պապը խօսեցաւ ապա իրաւական գետնի վրայ չեղեալ յայտարարուած ամուսնութեան մը ծիրէն ներս այն իրողութեան մասին թէ կողմերէն մէկը պատրաստակամ չըլլայ ընդունելու դատավճիռը, այս առընչութեամբ հարկաւոր նկատելով հարց տալ թէ ի՞նչ կը պատահի զաւակներուն եւ դատավճիռը չընդունող կողմին  եւ ակնարկելով 2014-ի եւ 2015-ի ընտանիքին նուիրուած Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսներուն նշեց թէ սիւնհոդոսական հայրերը այդ հարցադրանքներուն  օգտակար գործիք մը գտան «Սիրոյ Ուրախութիւն» յորդորագիրին մէջ ուր յստակ ցուցմունքներ կան, որպէսզի ոչ մէկը ու մանկաւորապէս փոքրիկներն ու տառապողները առանձին չի մնան ։

 «Սիրոյ Ուրախութիւն՝ Ընտանիքի Տարին»

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ յառաջիկայ 19 Մարտին սկիզբ առնող  «Սիրոյ Ուրախութիւն՝ Ընտանիքի Տարիին», նշելով թէ դատական անձնակազմը եւս կարող է իր թանկարժէք սատարը տալ այդ եկեղեցական ուղեւորութեան։

Ան ապա խրախուսեց դատաւորները իրենց դատավճիռներուն ընդմէջէ վկայելու Եկեղեցւոյ առաքելական անհանգստութիւնը նկատի առնելով թէ մարդուն համապարփակ բարիքը պահանջը ունի անտարբեր չի մնալու ամուսնութեան մը անվաւերութեան մասին առնուած որոշումի կործանարար հետեւանքներու դիմաց։

Ուշադրութիւն յատկացնել քրիստոնէական ամուսնութեան

«Եկեղեցին մայր է եւ դուք կանչուած էք բացուելու այս դժուար հովուական առաքելութեան, որ կը հայի զաւակներու նկատմամբ մտահոգութեան, զաւակներ որոնք անմեղ զոհերն են  բազմաթիւ խզումներու, ապահարզանի եւ նոր քաղաքական միութիւններուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով «Մենք պէտք չէ յոգնինք ընտանիքին ու քրիստոնէական ամուսնութեան մեծ ուշադրութիւնը յատկացնելէ եւ Սուրբ Հոգին զոր կը հայցէք ամէն մէկ դատավճիռէն առաջ թող լուսաւորէ ձեզ եւ օգնէ չի մոռնալու զաւակներուն բարիքը»։

Քահանայապետը խրախուսեց նաեւ եպիսկոպոսները քննարկելու այս հարցը  եկեղեցաբանական եւ հովուական ուղեւորութեամբ ջանք չի խնայելով ի գործ դնելու պաշտպանութեան, խնամքի եւ լքուած կողմին ու զաւակներուն ընկերանալու առաքելութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց բոլորին վրայ հայցելով Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները ու անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2021, 14:00