Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛աղօթէ Վենեզուելլացիներուն համար։ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛աղօթէ Վենեզուելլացիներուն համար։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛աղօթէ Վենեզուելլայի ժողովուրդին համար։

Կարդինալ Պալթասար Փորրաս Քարտոզոյին յղած մէկ նամակի մը մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ Վենեզուելլայի բնակչութեան որ «ծանր տառապանքներ կը կրէ համաճարակի եւ հզօրներու ամբարտաւանութեան պատճառաւ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նամակ մը յղած է Մերիտա Թեմին Արքեպիսկոպոս եւ Քարաքասի առաքելական հոգաբարձու՝ Կարդինալ Պալթասար Փորրաս Քարտոզոյին, անոր անուանակոչութեան տօնին առթիւ, որուն մէջ դարձեալ իր մօտիկութեան զգացումը կ՛արտայայտէ Վենեզուելլայի ժողովուրդին, որ վերջին տարիներու ընթացքին թիրախ է մարդասիրական եւ ընկերա-տնտեսական ծանր տագնապի մը, որ աւելիով սրացաւ Քովիտ19 համաճարակի պատճառաւ։

Հօր սրտով առաջնորդել հաւատացեալները

«Թող Աստուած շարունակէ ձեզի ուժ պարգեւել, որպէսզի Հօր մը սրտով կարողանաք առաջնորդել ու մխիթարել Աստուծոյ սուրբ հաւատարիմ ժողովուրդը, որ ենթարկուած է փորձանքի, համաճարակի պատուհասի բերումով եւ հզօրներու ամբարտաւանութեան ու ժողովուրդը խեղդող աճող աղքատութեան պատճառաւ», գրած է Սրբազան Պապը նամակին մէջ  իր խնդակցութիւնները յայտնելով Ծիրանաւորին, անոր անուանակոչութեան տօնին առթիւ ու զինք յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Յովսէփի Հովանիին, ինչպէս նաեւ Բաղտասար մոգի բարեխօսութեան, Աստուածյայտնութեան տօնին օրը, երբ «կը յայտնուի Աստուծոյ հեզութիւնը, որ կը դառնայ լոյս՝ որ կը յաղթէ աշխարհը ծածկող խաւարը», գրած է միշտ Նորին Սրբութիւնը իր նամակին մէջ։

Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ժողով

Յայտնենք թէ այս շաբթուայ ընթացքին Կարդինալ Փորրաս Քարտոզոն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վենեզուելլայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի տարեկան ժողովին,  որ համաճարակի բերումով տեղի կ՛ունենայ առցանց եւ որուն ընթացքին կը քննարկուին ազգային իրադարձութիւններ ինչպէս նաեւ «Հովուական խնամակալութեան նուիրուած Ազգային Ժողովին» կազմակերպումը, որ տեղի պիտի ունենայ այս տարի։

Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ժողովը վերջ պիտի գտնէ 11 Յունուարին Վենեզուելլայի եպիսկոպոսներու Հովուական խնամակալութեան նուիրուած յորդորագիրի հրապարակումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2021, 11:25