Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Բոլորս մաս ենք Քրիստոսի առաքելութեան». Ֆրանչիսկոս Պապ

Միսիոներական համաշխարհային օրուան Քահանայապետական Պատգամ. «Բայց մենք չեն կրնար չի խօսիլ ինչ որ տեսանք ու լսեցինք» (Գործք.Առ. 4, 20)
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Միսիոներական համաշխարհային օրուան պատգամը, որուն այս տարուայ բնաբանը քաղուած է Առաքեալներու Գործեր գիրքէն «Բայց մենք չեն կրնար չի խօսիլ ինչ որ տեսանք ու լսեցինք» (Գործք.Առ. 4, 20)։

«Երբ կը փորձարկենք Աստուծոյ սիրոյ զօրութիւնը, երբ կը ճանչնաք մեր անձնական ու հասարակական կեանքին մէջ Անոր ներկայութիւնը որպէս Հայր, չենք կրնար չի յայտարարել եւ չի կիսել այն ինչ որ տեսանք եւ լսեցինք»: Այս խօսքերով է, որ Սրբազան Պապը կը սկսի իր պատգամը ի յայտ դնելով նաեւ, թէ «Յիսուսին իր աշակերտներուն հետ փոխյարաբերութիւնը անոր մարդկայնութիւնը, որ մեզի կը յայտնուի մարդեղութեան խորհուրդին մէջ, Աւետարանի եւ Անոր Զատկուան մէջ մեզի ցոյց կու տան թէ մինչեւ որ աստիճան Աստուած կը սիրէ մարդկութիւնը եւ իրը կը դարձնէ մեր ուրախութիւններն ու տառապանքները, մեր իղձերն ու անձկութիւնները»։

Տէրը իւրաքանչիւրիս հետ կ՛ուզէ  բարեկամութեան երկխօսութիւն հաստատել

Բոլորս, կը գրէ Սրբազան Պապը, մաս ենք Քրիստոսի առաքելութեան ու կը մատնանշէ Առաքեալներու փորձառութեան, որ սկիզբ կ՛առնէ Տիրոջ կողմէ կոչումէն, որ կ՛ուզէ իւրաքանչիւրիս հետ հաստատել բարեկամութեան երկխօսութիւն մը։

«Տիրոջ հետ բարեկամութիւնը կը թողու անջնջելի հետք մը, որ կարող է հրահրել զարմանք եւ ընդարձակ ու ազատ ուրախութիւն» դիտել կու տայ Քահանայապետը աւելցնելով, որ«Սէրը  միշտ շարժումի մէջ է ու մեզ կը դնէ շարժումի մէջ կիսելու համար յոյսի աղբիւր հանդիսացող ամենագեղեցիկ աւետիսը «Գտանք Մեսիան»։

Դժուարութիւնները դարձնել հնարաւորութիւն։

 Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով առաջին քրիստոնեաներու փորձառութեան կ՛ընգծէ թէ «Առաջին քրիստոնեաները իրենց հաւատքի կեանքը սկսան ապրիլ թշնամական և տհաճ միջավայրի մէջ, սակայն այս մէկը փոխանակ զանոնք մղելու իրենք իրենց մէջ փակուելու  մղեց ամէն մէկ անյարմարութիւն, հակառակութիւն եւ դժուարութիւնը փոխակերպելու առաքելութեան համար հնարաւորութեան»։

«Այս բոլորին վկայութիւնը Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ է», գիրք՝ զոր միսիոնար աշակերտները միշտ իրենց հետ կը կրեն։ Գիրք, որ կը պատմէ, թէ ինչպէս «Աւետարանի բոյրը տարածուեցաւ յառաջացնելով ուրախութիւն մը, զոր միայն Սուրբ Հոգին կարող է տալ»։

Մենք լա կ՛ապրինք դժուար ժամանակներ

«Մեր ապրած ժամանակը եւս դիւրին պատմական պահ մը չէ։ Համաճարակին իրավիճակը ի յայտ դրաւ եւ բազմապատկեց ցաւը, առանձնութիւնը, աղքատութիւնը եւ անարդարութիւնները ապա դիմակազրկեց մեր սուտ ապահովութիւնները և բևեռացումները, որոնք մեզ կը յօշոտեն  լռութեամբ։ Աւելիով խոցելիները անգամ մը եւս փորձարկեցին իրենց դիւրաբեկութիւնն ու խոցելիութիւնը։ Ապրեցանք յուսալքումը, հիասթափութիւնը, յոգնութիւնը ու նոյնիսկ յոյսը խլող դառնութիւնը կարողացաւ տիրանալ մեր հայեացքներուն վրայ» դիտել կու տայ Քահանայապետը պատգամին մէջ հաստատելով,  որ «Մենք չենք հռչակեր մենք զմեզ, այլ Յիսուս Քրիստոսը՝ Տէրը, մենք պարզապէս ծառաներ ենք» եւ ակնարկելով  Յիսուսի յարութեան աւետիսին  «այստեղ չէ Յարութիւն առաւ» խօսքին, զայն կ՛որակէ «Յոյսի Խօսք մը», որ կը պարգեւէ ազատութիւն եւ արիութիւն դարձեալ վերակկանգնելու համար եւ ստեղխագործութեամբ փնտռելոու՝ գթութիւնը ապրելու բոլոր ձեւերը։

Գթութեան առաքելութիւնը

«Համաճարակի այս ժամանակներու ընթացքին ի տես յանուն ընկերային հեռաւորութեան անտարբերութեան արդարացումին հրատապ է գթութեան առաքելութիւնը, որ կարող է հարկաւոր հեռաւորութիւնը դարձնել հանդիպումի, խնամքի եւ խթանումի վայր մը» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ հաստատելով նեաւ, թէ «այսօրուայ իրականութեան մէջ հրատապ կարիքը կայ յոյսի միսիոնարներու, որոնք միացած Տիրոջ կարող ըլլան մարգարէական կերպով յիշեցնել, թէ ոչ մէկը կը փրկուի առանձին»։

Առաքեալներու եւ առաջին քրիստոնեաներու նման մենք եւս մեր ուժերով ըսենք ««Բայց մենք չեն կրնար չի խօսիլ ինչ որ տեսանք ու լսեցինք» հրաւէր կ՛ուղղէ Քահանայապետը։

Որպէս քրիստոնեաներ չենք կարող Տէրը պահել մենք մեզի համար։

Այն ամէն բաները, որ ստացած ենք, այն ամէնը, որ Տէրը աստիճանաբար շնորհեց մեզի, զանոնք մեզի տուաւ, որպէսզի մենք կարողանանք զանոնք ազատօրէն տալ ուրիշներուն: Առաքեալներուն նման մենք եւս այսօր կարող ենք դպչիլ Քրիստոսի տառապեալ ու փառաւորեալ մարմնին ամենօրեայ իրականութեան մէջ ու վերագտնել քաջութիւնը բոլորի հետ կիսելու յոյսի ճակատագիրը, վստահելի գիտակցութեամբ, որ Տէրը մեզի կ՛ընկերանայ։

«Որպէս քրիստոնեաներ չենք կարող Տէրը պահել մենք մեզի համար. Եկեղեցւոյ աւետարանող առաքելութիւնը իր համապարփակ եւ հանրային արժէքը կ՛արտայայտէ աշխարհի բարեփոխումով ու արարչութեան պաշտպանութեամբ» կը գրէ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով որ «այս տարուայ Միսիոներական համաշխարհային օրուան նիւթը հրաւէր մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրիս, որպէսզի ստանձնենք պարտականութիւնը մեր սրտին մէջ պահպանուած բաները ճանչցնելու։ Այս առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն ու ինքնութիւնն է, եկեղեցին գոյութիւն ունի աւետարանելու համար։  

Վկայել այն ինչ որ տեսանք եւ լեսցինք՝ միսիոնարներու օրինակով։

Քահանայապետը կը զգուշացնէ ապա մենք մեր մէջ  փակուելու եւ կղզիացումի վտանգէն ու կը հրաւիրէ երթալ ու վկայել այն ինչ որ տեսանք ու լսեցինք։

Միսիոներական համաշխարհային օրուան առթիւ, որ ամէն տարի կը տօնախմբուի Հոկտեմբեր ամսուայ երրորդ կիրակին, երախտապարտութեամբ յիշենք բոլոր մարդիկը, որոնք իրենց կեանքի վկայութեամբ մեզ կ՛օգնեն  նորոգելու մեր մկրտութեան յանձնառումը եւ դառնալու Աւետարանի վեհանձն եւ ուրախ առաքեալներ։ Յիշենք յատկապէս անոնք, որոնք կարող եղան իրենք զիրենք դնել ուղեւորութեան մէջ, լքել ընտանիք եւ հող, որպէսզի Աւետարանը անվախ եւ առանց յապաղումի հասնի աշխարհի բոլոր անկիւնները եւ այն կեանքերուն, որոնք ծարաւն ունին օրհնութեան։

Անոնց օրինակը մեզ կը մղէ խիզախութիւն ցուցաբերելու եւ թախանձագին աղօթելու «այգիի տիրոջ՝ որպէսզի մշակներ ղրկէ այգիին համար»։

Յիսուս պէտք ունի սրտերու որոնք գթութեան գործիք դառնան

Այսօր Յիսուս պէտք ունի սրտերու, որոնք կարող ըլլան կոչումը ապրիլ, որպէս սիրոյ իսկական պատմութիւն մը, որպէսզի զանոնք ուղարկէ աշխարհի արուարձանները, ու դառնան պատգամաւորներ եւ գթութեան գործիքներ։

Այս կոչը Ան կ՛ուղղէ բոլորին։ Եւ յատկապէս այս համաճարակի ժամանակներուն առաքելութիւնը ապրիլ կը նշանակէ մշակել Յիսուս Քրիստոսին նոյն զգացումները ու Անոր հետ հաւատալ թէ իմ մօտս գտնուողը եւս  իմ եղբայրս եւ իմ քոյրս է։

Թող որ Անոր գթութեան սէրը արթնացնէ նաեւ մեր սիրտը ու մեզ բոլորս դարձնէ միսիոնար աշակերտներ։

Մարիամ՝ միսիոնար առաջին աշակերտը, մեր մէջ աճեցնէ իղձը դառնալու մեր երկիրներու աղը եւ լոյսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2021, 12:00