Մատրիտի « Calle Toledo» շրջանի շէնքը պայթումէն ետք Մատրիտի « Calle Toledo» շրջանի շէնքը պայթումէն ետք 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնները Մատրիտի մէջ պատահած պայթումի զոհերուն համար։

Սպանիայի Մայրաքաղաքի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Օսորօ Սիերրայի ուղղուած, Կարդինալ Փարոլինի ստուարութիւնը կրող հեռագիրով մը, Քահանայապետը կ՛աղօթէ զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար զանոնք յանձնելով Տիրոջ ողորմութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մատրիտի « Calle Toledo» շրջանի շէնքի մը մէջ տեղի ունեցած ծանր պայթումի ցաւալի լուրը աստանելէ ետք, որուն պատճառաւ մահացան չորս անձեր, Ֆրանչիսկոս Պապը, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող  ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Մատրիտի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քարլոս Օսորօ Սիերրայի։

«Այս դժուար պահերուն Քահանայապետը կը փափաքի կարդինալին, կղերական դասին եւ Սպանացի սիրեցեալ համայն ժողովուրդին՝ արտայայտել իր մօտիկութիւնն ու սէրը» գրուած է հեռագիրին մէջ Տիրոջ ողորմութեան յանձնելով զոհերուն յաւիտենական հանգիստը ու նաեւ վիրաւորներն ու անոնց ընտանիքները։  

Քահանայապետը հուսկ կը հայցէ  Ալունետայի Տիրամօր մայրական բարեխօսութիւնը ու բոլորին, ի սրտէ, կ՛ուղղէ առաքելական մխիթարիչ օրհնութիւնները, որպէս նշան Տիրոջ մէջ քրիստոնէական յոյսին։

Յայտնենք որ շէնքը կը պատկանէր Վիրկէն Տէ Լա Փալոմա ժողովրդապետութեան ուր հիւրընկալուած էին նաեւ  ժողովրդապետական կեդրոնի գրասենեակները, ներառեալ Քարիթասի հիւրընկալութեան կեդրոնը։ Ըստ ոստիկանութեան շէնքի վերջին չորս յարկերը կործանող պայթումին պատճառը եղած է կազի արտահոսքը մինչ աշխատանքներ կը կատարուէին ջերմացուցիչի մը վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2021, 08:00