Աշխարհը կարիքը ունի մօտիկութեան Աշխարհը կարիքը ունի մօտիկութեան 

«Ճգնաժամի յաղթահարման համար աշխարհը պէտք ունի միութեան եւ եղբայրութեան». Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը «canale 5» հեռուստակայանի «Tg5» լրատուական հաղորդումին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ սփռուեցաւ 10 Յունուարի երեկոյեան։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Մենք մեզ վերագտնենք աւելի միացած, աւելի մօտիկ ըլլանք տառապողին, մենք մեզ զգանք եղբայրներ յաղթահարելու համար համաճարակի համաշխարհային տագնապը։

Համաճարակը, կեանքի պաշտպանութիւնը, միութեան արժէքը, հաւատքը, նիւթեր են որոնց մասին արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իտալական «canale  5» հեռուստակայանի  «Tg5» լրատուական հաղորդումին հետ ունեցաւ հարցազրոյցին ընթացքին, ուր վերահաստատեց թէ «տագնապէ մը դուրս կու գանք կամ աւելի լաւ կամ աւելի վատ» ընդգծելով՝ թէ պէտք է  վերատեսել ամէն բան։

«Կեանքին մեծ արժէքները միշտ ալ գոյութիւն ունին սակայն այդ արժէքները պէտք է թարգմանել այս պահուն ապրուած կեանքին մէջ», նշեց Սրբազան Պապը ակնարկելով ողբերգական տարբեր իրադարձութիւններուն, սկսեալ տառապանքի մէջ ապրող մանուկներէն, անօթութեան, պատերազմներու պատճառաւ անոնց դպրոց չյաճախելու իրողութենէն…«եթէ մենք այս բաներուն չի մտածենք այս տագնապէն դուրս գալը այլ պարտութիւնն մը պիտի ըլլայ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Պատուաստուիլը բարոյական հարց է։

Պատասխանով ապա Քովիտ-19 ժահրի դէմ պատուաստուելու մասին Ան հաստատեց թէ պատուաստուիլը բարոյական հարց է։ Որովհետեւ պատուաստուելով մենք նախ կը փրկենք մեր կեանքը ապա մեր շուրջիններուն կեանքը։ Ուստի պէտք է որ բոլորս ալ դիմենք պատուաստի։ Ես ալ, ըսաւ Ան, ամրագրուած եմ ու յառաջիկայ օրերուն պիտի պատուաստուիմ:

Ժամն է «Մենք» ի եւ ոչ թէ «ես»ի

Սա ժամն է որոշ ժամանակահատուածի համար ջնջելու «ես» եզրը ու մտածելու «մենք» եզրին, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը.։ Կամ կը փրկուինք բոլորս միասին «Մենք»ով, կամ ոչ մէկը կը փրկուի։  «Այս է մարտահրաւէրը, մօտիկ ըլլալ միւսին, մօտիկ իրադարձութեան, մօտիկ հարցերուն, մօտիկ անձերուն», ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ «Անտարբերութեան մշակոյթը» մօտիկութեան թշնամին է եւ այս մշակոյթը կործանարար է։ Անիկա մեզ կը սպանէ, որովհետեւ մեզ կը հեռացնէ իրարմէ մինչ այս ճգնաժամէն դուրս գալու բանալի բառը մօտիկութիւն է։

Եթէ չկայ միութեան, չկայ մօտիկութիւն, լարուածութիւններ կը ստեղծուին դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը որ անդրադառնալով «գործադիր դասակարգի» մասին,  հաստատեց՝ թէ իրաւունք չունի ըսելու «ես» այլ պէտք է մտածէ «մենք»ին ու փնտռել միութիւնը ի դէմ այս տագնապին։

Վիժումը բարոյական եւ ոչ կրօնական հարց

Սրբազան Պապը հուսկ շեշտեց թէ համաճարակի տագնապը աւելիով սրացուց «մնացորդացի մշակոյթը», տկարներու, աղքատներու, գաղթականներու եւ տարեցներու նկատմամբ։ Ան ապա մատնանշեց վիժումի հարցին, դիտել տալով՝ թէ այդ մէկը կրօնական հարց մը չէ այլ մարդկային ու մարդկային բարոյականութեան հարց է։ Հուսկ հարց տուաւ եթէ արդար է մարդկային կեանք մը կործանել, լուծելու համար հարց մը։

Դաս քաղել պատմութենէն

Խօսելով հուսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ անցեալ 6 յունուարին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու մասին Սրբազան Պապը դատապարտելով բռնութիւնը յորդորեց խորհրդածել եղածին վրայ, հասկնալ պատահածը, որպէսզի դարձեալ չի կրկնուի, դաս քաղելով պատմութենէն։

Հաւատքը պարգեւ զոր պէտք է հայցենք Տիրոջմէ։

Ւ վերջոյ ան խօսեցաւ նաեւ համաճարակի հետեւանքով իր «փակեալի» կեանքի մասին, որուն ընթացքին աւելիով ժամանակ յատկացուց աղօթքին, հաստատելով նաեւ՝ որ «հաւատքը պարգեւ մըն է, Տիրոջմէ տրուած պարգեւ, զոր պէտք է հայցենք», հրաւիրելով հայցել նաեւ Աստուծոյ մօտիկութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը հարցազրոյցը եզրափակեց 2021 տարուան համար մաղթելով՝ որ «բացառուին մնացորդացները, անհետանան եսասիրութեան վերաբերմունքները», եւ որպէսզի «միութիւնը գերակայէ բոլոր հակամարտութիւններուն վրայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2021, 10:00