Ֆրանչիսկոս Պապին  գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւնները 

Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ շաբաթներուն գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւնները

24 Յունուարին 2021-ի «Աստուծոյ Խօսքի կիրակին» է, 25 Յունուարին, Սուրբ Պօղոս առաքեալի դարձի տօնը եւ 2 փետրուարին Կրօնաւորական Կեանքի համաշխարհային 25-րդ Օրը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Քահանայապետի ծիսական արարողութիւններուն արարողապետ Գերապայծառ Կուիտօ Մարինի հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ շաբաթներու գլխաւորելիք ծիսակատարութիւններուն օրակարգը, որուն մէջ նշուած է՝ թէ յառաջիկայ 24 Յունուար 2021-ի առաւօտեան 10-ին Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ «Աստուծոյ Խօսքի կիրակիին» առթիւ մինչ երկրորդ օրը՝ 25 Յունուարի 17.30-ին, Սուրբ Պօղոս առաքեալի դարձի տօնին օրը եւ Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի շաբթուայ աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ՝ Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան քահանայապետական պազիլիքային մէջ պիտի գլխաւորէ Ժամասացութեան արարողութիւնը։

Փետրուար ամսուայ երկրորդ օրը՝ երեքշաբթի 2 փետրուար 2021-ի յետմիջօրէի 5.30-ին, Սրբազան Պապը՝ Կրօնաւորական Կեանքի համաշխարհային 25-րդ Օրուան առթիւ, կրօնաւորական կեանքի եւ առաքելական կեանքի միաբանութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ պատարագ։

Նշենք թէ Քովիտ19 համավարակի պատճառաւ վերոնշեալ արարողութիւնները տեղի կ՛ունենան միայն փոքր թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւ կը հեռարձակուին ուղիղ եթերով։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2021, 13:00