«Մարենք հեռուստատեսիլն ու հեռախօսները, բանանք Աստուածաշունչն ու Աւետարանը». Աստուծոյ Խօսքի Կիրակիին Քահանայապետական քարոզը։

Աստուծոյ Խօսքը սիրոյ նամակ է, գրուած մեզի համար Անորմէ, որ մեզ կը ճանչնայ որեւէ անձէ աւելի։ Զայն կարդալով մենք դարձեալ կը լսենք անոր ձայնը, կը նշմարենք անոր դէմքը եւ կ՛ընդունինք անոր Հոգին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 Յունուար 2021-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ Աստուածային Խօսքին կիրակիին նուիրուած պատարագը, զոր նախագահեց  Նոր Աւետարանութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ՝ գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան,  փոխարինելով  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, որուն մօտ վերայայտնուեցաւ զստոսկրի ջղացաւը, որուն բերումով կարիքը ունի հանգիստի։

Սուրբ Զոհին ընթացքին գերապայծառ Ֆիզիքելլան կարդաց Ֆրանչիսկոս Պապին այս առթիւ պատրաստած քարոզը, որուն մէջ Ան շեշտը կը դնէ օրուան աւետարանին վրայ,  ուր Յիսուս կը հռչակէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։

Ի՞նչ կ՛ըսէ Յիսուս

«Տեսնենք թէ ի՞նչ կ՛ըսէ եւ որուն համար կ՛ըսէ այդ բաները» կը նշէ Սրբազան Պապը եւ ասկէ մեկնելով առաջին հարցումին կը պատասխնէ, թէ «Յիսուս իր քարոզութիւնը կը սկսի ըսելով «Ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ արքայութիւնը մօտ է. ապաշխարեցէ՛ք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին» (Մարկոս 1, 15)։  

Աստուած մօտիկ է, ահա առաջին պատգամը։ Աստուծոյ թագաւորութիւնը իջաւ աշխարհ։ Աստուած հեռաւոր երկնքի մէջ չէ, բաժնուած մարդկային պայմաններէն, այլ մեզի հետ է։ Յիսուս մարդեղացաւ եւ այդ օրէն Աստուած շատ մօտիկ է մեզի։ Այս մօտիկութիւնը սկիզբն է Աւետարանին։ Սկիզբ, զոր Յիսուս յաճախ կը կրկնէ։ Աստուած մեզի մօտիկ դարձաւ ու մեզի միշտ կ՛ըսէ. «մի վախնար ես քեզի հետ եմ։ Ես Քեզի մօտ եմ»։

Աստուծոյ խօսքը մօտիկութիւն է

Աստուծոյ Խօսքը մեզի թոյլ կու տայ ձեռքով դպչիլ այդ մօտիկութեան, որովհետեւ ան մեր սրտին մէջ է։ Տէրը իր խօսքով մեզ կը մխիթարէ։ Մեր հետ խօսելով, ան մեզի կը յիշեցնէ, թէ մենք իր սրտին մէջն ենք, արժէքաւոր ենք իր աչքերուն, պահպանուած անոր ափերուն մէջ։ Աստուծոյ խօսքը անդորրութիւն կը տարածէ։ Ան մխիթարիչ խօսք է ու նաեւ դարձի խօսք։ «Ապաշխարեցէք» կ՛ըսէ արդարեւ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հռչակելէ անմիջապէս ետք։

Ան, որ Աստուծոյ մօտիկութիւնը կը փորձարկէ չի կրնար հեռու մնալ մերձաւորէն։ Ան, որ Աստուծոյ խօսքը կը յաճախէ կը բացայայտէ թէ կեանքը ժամանակ չէ զգուշանալու համար ուրիշներէն եւ մենք մեզ պաշտպանելու, այլ առիթ է երթալու դէպի ուրիշները յանուն Մօտիկ Աստուծոյ։ Այսպէսով խօսքը, որ սերմանուած է մեր սրտի արտին մէջ մեզ կը մղէ սերմանելու յոյս մօտիկութեան միջոցաւ, այնպէս ինչպէս Աստուած կ՛ընէ մեր հետը։

Որուն կը խօսի Յիսուս

Քարոզին երկրորդ մասը նուիրուած էր «որու՞ն կը խօսի Յիսուս» հարցումին։ Ան նախ եւ առաջ խօսքը կ՛ուղղէ Գալիլեայի ձկնորսներուն։ Պարզունակ մարդիկ, որոնք կ՛ապրին իրենց ճակտի քրտինքի պտուղներով, ծանր կերպով աշխատելով տիւ եւ գիշեր։ Անոնք գրութիւններու մասնագէտներ չէին եւ ոչ ալ գիտութեան եւ մշակոյթի ասպարէզի հմուտ։

Եւ Յիսուս կը սկսի ճիշդ անոնցմէ, որոնք կ՛ապրէին Երուսաղեմէն հեռու, արուարձանային շրջանի մէջ, որպէսզի մեզի հասկցնէ, թէ ոչ մէկը Աստուծոյ սիրտէն հեռու կը գտնուի։

Այս առումով Աւետարանին մէջ կայ գեղեցիկ մանրամասնութիւն մը, երբ կը նշուի, թէ Յիսուսին յայտարարութիւնը կու գայ Յովհաննէսի «յայտարարութենէն յետոյ» (Մարկ 1.14): Յովհաննէս մարդիկը կ՛ընկալէր անապատին մէջ, Յիսուս բոլորի հետ կը խօսի ընկերութեան սրտին մէջ, այնտեղ ուր որ են։ Ան խօսքը կ՛ուղղէ մարդոց ամենապարզ վայրերու եւ պահերու ընթացքին, ահա այս է Աստուծոյ Խօսքին տիեզերական ուժը, որ կը հասնի բոլորին եւ կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։

Խօսքը ունի նաեւ  յատուկ ուժ մը, աշակերտները արդարեւ երբեք պիտի չի մոռնան Յիսուսին խօսքերը որ լսեցին լիճի ափին։ Խօսքեր, որոնք մշտապէս դրոշմեցին անոնց կեանքը։ Յիսուս անոնց կ՛ըսէ. «Հետեւեցէք ինծի եւ ես ձեզ մարդերու ձկնորս պիտի դարձնեմ»։ Եթէ ան անոնց ըսած ըլլար. «Հետեւեցէք ինծի ձեզ առաքեալներ պիտի դարձնեմ, պիտի ուղարկեմ աշխարհի բոլոր վայրերը հռչակելու համար Աւետարանը Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, պիտի սպաննուիք սակայն սուրբ պիտի դառնաք», կրնանք երեւակայել թէ Պետրոսն ու Անդրէասը անոր պիտի պատասխանէին «Շնորհակալութիւն, սակայն կը նախընտրենք մեր ուռկանները եւ մեր նաւակները»։

Յիսուս կը կոչէ մեկնելով մեր կեանքէն, էութենէն

Յիսուս զանոնք կը կոչէ մեկնելով իրենց կեանքէն «Ձկնորսներ էք եւ պիտի դառնաք մարդոց ձկնորսներ»։ Յիսուս նոյնը կ՛ընէ նաեւ մեր հետ, մեզ կը փնտռէ այնտեղ ուր որ ենք, մեզ կը սիրէ ինչպէս որ ենք եւ համբերութեամբ կ՛ընկերակցի մեր քայլերուն։ Ան իր Խօսքով կ՛ուզէ մեզ մղել փոխելու մեր  ընթացքը, որպէսզի մենք իր հետ նաւարկենք բացերը։

Ասոր համար սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր չի հրաժարինք Աստուծոյ Խօսքէն։ Անիկայ սիրոյ նամակ է, գրուած մեզի համար Անորմէ, որ մեզ կը ճանչնայ որեւէ անձէ աւելի։ Զայն կարդալով մենք դարձեալ կը լսենք անոր ձայնը, կը նշմարենք անոր դէմքը եւ կ՛ընդունինք անոր Հոգին։

Խօսքը մեզ մօտիկ կը դարձնէ Աստուծոյ, զայն հեռու չի պահենք։ Միշտ մեր հետ տանինք զայն, գրպանի մէջ, հեռախօսի վրայ, անոր արժանավայել տեղ մը տանք մեր տուներուն մէջ։

Աւետարանը կարդանք ամէն օր

Աւետարանը դնենք այնպիսի տեղ մը, յիշելով զայն  կարդալ ամէն օր, օրուան սկիզբին ու աւարտին, որպէսզի այն բազմաթիւ խօսքերէն, որոնք մեր ականջներուն կը հասնին մեր սրտին հասնին Աստուծոյ Խօսքէն որոշ համարներ։

Այս ընելու համար Տիրոջմէ հայցենք ուժը մարելու հեռուստատեսիլը ու բանալու Աստուածաշունչը, փակելու բջիջային հեռաձայնը եւ բանալու Աւետարանը։ Այս ծիսական տարուան ընթացքին կարդանք Մարկոսին Աւետարանը, ամենակարճ ու պարզ աւետարանը։ Այս մէկը մեզի զգալ պիտի տա Տիրոջ մօտիկիկութիւնը ու մեզի քաջութիւն պիտի պարգեւէ կեանքին ուղեւորութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2021, 10:30