ԱՄՆ - Քոնկրէսի շէնքը ԱՄՆ - Քոնկրէսի շէնքը 

«Բռնութեամբ ոչ մէկ բան կը շահինք եւ կը կորսնցնենք շատ բաներ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ համաճարակի պատճառաւ այսօր նախատեսուած եւ առկախուած Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի մատակարարման արարողութեան, որ ամէն տարի տեղի կ՛ունենար Սիքստինեան մատրան մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 10 Յունուար 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանէն արտասանած Մարեմեան աւանդական աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով ուղիղ եթերի միջոցաւ իրեն հետեւող հաւատացեալներուն, նախ ուզեց սիրալիր ողջոյն մը ուղղել  Ամերիկայի  Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին, «ցնցուած Քոնկրէսի դէմ յարձակումէն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աղօթքները ապահովեցնելով անոնց, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին այդ ողբերգական պահերուն։

Ռչ բռնութեան

«Կը վերահաստատեմ թէ բռնութիւնը ինքնակործանում է, միշտ։ Ոչ մէկ բան կը շահինք բռնութեամբ եւ շատ բաներ կը կորսնցնենք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խրախուսելով ԱՄՆ-ի Իշխանութիւնները ու  համայն ժողովուրդը, բարձր պահելու պատասխանատուութեան ըմբռնումը, հանդարտեցնելու համար խռով հոգիները ու խթանելու համար ազգային հաշտութիւնը ինչպէս նաեւ պաշտպանելու համար ամերիկեան ընկերութեան մէջ արմատացած ժողովրդավարութեան արժէքները։

«Սուրբ Կոյս Մարիամը Միացեալ Նահանգներու Պաշտպան Սրբուհին, օգնէ՝ որպէսզի վառ պահուի հանդիպումի մշակոյթը, խնամքի մշակոյթը, որպէս մայր ճանապարհ կառուցելու համար հասարակաց բարիքը» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով համաճարակի պատճառաւ այսօր նախատեսուած եւ առկախուած Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի մատակարարման արարողութեան, որ ամէն տարի տեղի կ՛ունենար Սիքստինեան մատրան մէջ։

Աղօթք Մկրտութեան խորհուրդին մօտեցող մանուկներուն

«Կ՛ուզեմ իմ աղօթքս հաւաստիացնել մանուկներուն ու անոնց ծնողներուն եւ կնքահայր ու կնքամայրերուն, որոնք արձանագրուած էին այս արարողութեան մասնակցելու համար ու այս իմ աղօթքս կը տարածեմ բոլոր այն մանուկներուն, որոնք այս շրջանին կ՛ընդունին Մկրտութեան Խորհուրդը՝ Քրիստոնէական ինքնութիւնը , կ՛ընդունին ներումի շնորհքը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլորին համար հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնները։

Սէրը կը փոխակերպէ

Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց վաղուընէ սկիզբ առնող՝ ըստ լատինաց  ծիսական սովորական ժամանակին, հրաւիրելով երբեք չի յոգնիլ հայցելէ Սուրբ Հոգւոյն լոյսն ու ուժը, որպէսզի մեզ օգնէ սիրով ապրելու սովորական իրադարձութիւնները, զանոնք դարձնելով արտակարգ։ 

«Սէրն է որ կը փոխակերպէ», ըսաւ Սրբազան Պապը եւ «սովորական բաները, որոնք սիրով կը գործուին կը դառնան արտասովոր, եթէ բաց եւ հնազանդ մնանք Սուրբ Հոգւոյն» հաստատեց Ան նշելով թէ Սուրբ Հոգին է որ կը ներշնչէ մեր միտքը ու մեր գործերը։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի Կիրակի եւ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2021, 12:30