Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Սլովաքիայի նախագահ Տիկ Սուզանա Քափութովային։ Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Սլովաքիայի նախագահ Տիկ Սուզանա Քափութովային։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Սլովաքիայի նախագահ Տիկ Սուզանա Քափութովային։

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սիրալիր զրոյցներու ընթացքին գնահատուեցան երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները, մաղթանք յայտնելով, որ անոնք աւելիով ամրապնդուին կրթական ասպարէզէն ներս ու Եկեղեցւոյ ընկերութեան մէջ ունեցած դերակատարութեան ուղիով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 14 դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Սլովաքիայի նախագահ՝ Տիկ Սուզանա Քափութովային, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի հետ։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը, որ կը տեղեկացնէ նաեւ թէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սիրալիր զրոյցներու ընթացքին գնահատուեցան երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները, մաղթանք յայտնելով, որ անոնք աւելիով ամրապնդուին կրթական ասպարէզէն ներս ու Եկեղեցւոյ ընկերութեան մէջ ունեցած դերակատարութեան ուղիով։

Շօշափուեցան ապա երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր ինչպէս Քովիտ19 հրաճարակին հետեւանքները, ընկերային արդարութիւնը եւ արարչագործութեան պահպանումը։

Խօսակցութիւնները ապա հանգեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու վրայ, ինչպէս անվտանգութիւն, գաղթականութեան հարցը հակամարտութիւններու կանխարգիլումի եւ լուծման բազմակողմանի յանձնառումը, յատկապէս շեշտը դնելով Եւրոպայի դիմաց կայացած ներկայի եւ ապագայի մարտահրաւէրներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2020, 12:30