«Աղօթել կը նշանակէ մթութեան մէջ լոյս վառել» «Աղօթել կը նշանակէ մթութեան մէջ լոյս վառել» 

«Աղօթել կը նշանակէ մթութեան մէջ լոյս վառել» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 15 դեկտեմբերի թուիթը։

Աղօթքը կը թթուածնեցնէ կեանքը, այնպէս ինչպէս կարելի չէ ապրիլ առանց շունչի քրիստոնեաներուն համար ալ կարելի չէ ապրիլ առանց աղօթքի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 15 դեկտեմբեր 2020-ի Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ լոյս տեսաւ Նորին Սրբութեան նոր գրառումը՝ հայող աղօթքին ու անոր կարեւորութեան։

«Աղօթել կը նշանակէ լոյս վառել մթութեան մէջ» գրեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Աղօթքը մեզ կ՛արթնցնէ հորիզոնական կեանքի գաղջութենէն, մեր հայեացքը վեր կը բարձրացնէ, մեզ Տիրոջ հետ կապի մէջ կը դնէ. Աստուծոյ թոյլ կու տայ որ մեզի մօտիկ ըլլայ, ասոր համար մեզ կ՛ազատէ առանձնութենէն ու մեզի յոյս կը պարգեւէ»։

Սոյն խօսքերը քաղուած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անցեալ 29 նոյեմբերին նորընտրեալ Կարդինալներուն հետ համապատարագի ընթացքին արտասանած քարոզէն, ուր Սրբազան Պապը շեշտը դրած էր Սուրբ Ծնունդը կանխող գալստեան շրջանի առթիւ հսկումի եւ մօտիկութեան կարեւորութեան վրայ, որուն ընթացքին բոլորս կը կրկնենք պարզ սակայն զօրեղ աղօթք մը «Եկուր Տէր Յիսուս», ըսած էր Սրբազան Պապը։

«Իսկ եթէ պէտք է հսկել կը նշանակէ թէ կը գտնուինք խաւարին մէջ, որովհետեւ մենք կ՛ապրինք նոր օրուան սպասումով, եւ արշալոյսը պիտի  հասնի երբ մենք ըլլանք Տիրոջ հետ։ Գիշերը պիտի անցնի եւ պիտի ծագի Տէրը ու Ինք՝ որ մեռաւ մեզի համար մեզ պիտի առաջնորդէ։ Հսկել կը նշանակէ թոյլ չի տալ որ յուսալքումը մեր վրայ տիրէ, կը նշանակէ ապրիլ Յոյսի մէջ» աւելցուցած էր Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով նաեւ թէկուզ «Դժուար է արթուն մնալը, որովհետեւ գիշերը քունի մէջ մտնելը բնական է»։

Բայց, ըսած էր միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը, այդ քունէն կարելի է  արթննալ աղօթքի մէջ հսկողութեան միջոցաւ։

Աղօթքը կը թթուածնեցնէ կեանքը, այնպէս ինչպէս կարելի չէ ապրիլ առանց շունչի քրիստոնեաներուն համար ալ կարելի չէ ապրիլ առանց աղօթքի։

Աղօթել եւ սիրել ահա այս է հսկումը։ Երբ Եկեղեցին երկրպագութիւն կատարէ Աստուծոյ ու ծառայէ մերձաւորին, Ան չ՛ապրիր խաւարին մէջ։ Նոյնիսկ երբ յոգնած եւ հիւծուած է, ան կը քալէ դէպի Տէրը։ Հայցենք զինք։ Եկուր Տէր Յիսուս, մենք պէտք ունինք քեզի։ Եկուր մեր մօտ։ Դուն Լոյս ես. Մեզ արթնցուր միջակութեան քունէն, փառատէ անտարբերութեան խաւարները. Եկ Տէր Յիսուս, արթուն դարձուր մեր ցնորած  սրտերը. Մեզի զգալ տուր աղօթելու իղձը եւ սիրելու կարիքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2020, 13:30