«Մօտիկ եմ բոլոր բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն». «Մօտիկ եմ բոլոր բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն». 

«Մօտիկ եմ բոլոր բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն». Ֆրանչիսկոս Պապ

Ժամանակակից հերոսներ են, որոնք այսօր աւելի քան երբեք ցոյց տուին թէ ինչ կը նշանակէ մօտիկութիւնը, ինչ կը նշանակէ կարիքի մէջ գտնուողին ժպիտ մը կամ շոյանք մը նուիրելը, ինչ կը նշանակէ մարդկութիւնը, եղբայրութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կ՛ուզեմ մօտիկ ըլլալ բոլոր բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն այս պահուն երբ համաճարակը մեզ կը կոչէ մօտիկ ըլլալու տառապող մարդոց եւ կիներուն։ Շնորհակալ եմ անոնց մերձեցումին, շնորհակալ եմ անոնց քնքշութեան, շնորհակալ եմ անոնց արհեստավարժ մօտեցումին, որով խնամք կը տանին հիւանդներուն»։ Խօսքերն են ասոնք,  զոր Նորին Սրբութիւնը ուզեց անգամ մը եւս շեշտել  ընդգծելով  աշխարհի բոլոր բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն աշխատանքին էականութիւնը, որոնք այս վերջին ամիսներուն առաջնային գիծի վրայ են համաճարակի դէմ մղուած պայքարի ընթացքին ու անոնցմէ շատեր անխոնջ նուիրումով եւ անձնուրացութեամբ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը կատարել փրկելու համար կեանքեր ու խնամելու համար մարմնային եւ հոգեկան հիւանդութիւններ։

Ժամանակակից հերոսներ են որոնք այսօր աւելի քան երբեք ցոյց տուին թէ ինչ կը նշանակէ մօտիկութիւնը, ինչ կը նշանակէ կարիքի մէջ գտնուողին ժպիտ մը կամ շոյանք մը նուիրելը, ինչ կը նշանակէ մարդկութիւնը, եղբայրութիւնը։

Վերոնշեալ խօսքերը, որոնք այսօր հրապարակուեցան Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ, քաղուած են Նորին Սրբութեան անցեալ 23 նոյեմբերին բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն ուղղած լսատեսողական պատգամէն, ուր Քահանայապետը հաստատած էր նաեւ «Դուք այս համաճարակի չի յիշատակուած հերոսներն էք։ Ձեզմէ քանիներ իրենց կեանքը տուին մօտ ըլլալու համար հիւանդներուն։ Շնորհակալութիւն ձեր մօտիկութեան համար շնորհակալութիւն ձեր քնքշութեան համար ու շնորհակալութիւն ձեր արհեստավարժութեան, որով խնամք կը տանիք հիւանդներուն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2020, 13:30