Գոհաբանական աղօթքի արարողութիւնը Սուրբ Պետրոսի մէջ Գոհաբանական աղօթքի արարողութիւնը Սուրբ Պետրոսի մէջ 

Ամավերջի ժամասացութեան արարողութիւնը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ։

Այս երեկոյ մեր շնորհակալութիւնը պէտք է ընդլայնուի բոլոր անոնց որոնք ամէն օր ջանք կը դափեն ամենալաւ ձեւով յառաջ տանելու իրենց ընտանիքը ու իրենց հասարակաց բարիքի ի նպաստ ծառայութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս տարի զստոսկրի ջղացաւ մը Ֆրանչիսկոս Պապի ստիպեց հանգստեան եւ ասոր համար Ան չկարողացաւ գլխաւորել ամավերջի «Te Deum» գոհաբանական ժամասացութեան աղօթքը։ Անոր փոխարինեց Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէն, Կարդինալական Դասին աւագերէցը, որ  Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ նախագահած  արարողութեան ընթացքին կարդաց Նորին Սրբութեան այս առթիւ պատրաստած քարոզը որուն սկիբզը Սրբազան  Պապը նշելով թէ  «այս երեկոյ յատուկ տեղ կու տայ  «շնորհակալութեան», իր աւարտին հասած այս տարւոյն համար» նկատել տուած էր՝ թէ «Կարող է թուալ, որ հարկադրուած ու գրեթէ հակասական ըլլայ, համաճարակով յատկանշուած այս տարուայ աւարտին շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ»։

Արդարեւ «Ոմանք հարց կու տան ի՞նչ իմաստ ունի այսպիսի ողբերգութիւն մը» դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը ու այս հարցումէն մեկնելով կը հաստատէ, թէ Աստուծոյ պատասխանը կ՛անցնի մարդեղութեան ճանապարհէն. «Իր մեզի հանդէպ ունեցած անհուն սիրոյն համար Աստուած մեզի ուղարկեց իր Որդին»։

Աստուած Հայր է, Բարի Հովիւ է, եւ ոչ մէկ հովիւ դիւրաւ կը յանձնուի իր մէկ ոչխարը կորսնցուցած ըլլալուն համար։

Բարի Սամարացին երբ ձեռքը երկարեց աւազակներուն թիրախ դարձած խեղճ մարդուն, անոր երկար բացատրութիւններ չի տուաւ իր գործած բարեսիրութեան համար, ան պարզապէս «մղուած գթութենէն» խնամք տարաւ անոր, անոր հետ վերաբերուելով որպէս եղբայր մը։

«Ահա այստեղ է որ մի գուցէ կարելի է գտնել համաճարակի այս ողբերգութեան իմաստը» նշեց Նորին Սրբութիւնը այդ իմաստը եզրակացնելով «մեր մէջ կարեկցանքի, մտերմութեան, հոգատարութեան, եւ զօրակցութեան վերաբերմունքի հրահրումին մէջ»։

Այս երեկոյ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր բարի բաներուն համար, որոնք իրականացան «lockdown» ի ընթացքին եւ ընդհանրապէս համաճարակի ընթացքին որ դժբախտաբար տակաւին վերջ չգտաւ։

Բազմաթիւ են արդարեւ այն անձերը, որոնք ջանացին անձայն, փորձանքի այդ բեռը թեթեւցնել։ Անոնք իրենց առօրեայի յանձնառումով, ոգեւորուած մեծաւորի նկատմամբ սիրով, իրականացուցին «Te Deum» աղօթքին խօսքերը. «Ամէն օր քեզ կ՛օրհնենք, կը փառաբանենք քու Անունդ առ յաւէտ»։

Այս երեկոյ մեր շնորհակալութիւնը պէտք է ընդլայնուի բոլոր անոնց որոնք ամէն օր ջանք կը դափեն ամենալաւ ձեւով յառաջ տանելու իրենց ընտանիքը ու իրենց հասարակաց բարիքի ի նպաստ ծառայութիւնը։ Անոնք այդ մէկը կը կատարեն մղուած Աստուծոյ շնորհքէն ու անոնց պարգեւած ուժէն, որ աւելի զօրեղ է մեր եսասիրութիւններէն։

Ասոր համար պէտք է փառաբանենք Աստուած որովհետեւ կը հաւատանք թէ ամէն բարիք որ կը գործուի աշխարհի վրայ կը բխի Անորմէ ու նայելով մեզ սպասող ապագային դարձեալ աղերեսնք «Մեզի թիկունգ թող կանգնի քու ողորմութիւնդ, քեզմով է որ յուսացինք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2021, 17:43