Սուրբ Պետրոսի հրապարակ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ 

Զստոսկրի ջղացաւի պատճառաւ Քահանայապետը պիտի չգլխաւորէ ամավերջի եւ ամանորի արարողութիւնները։

«Ամենայնդէպս վաղը՝ մէկ Յունուար 2021-ին Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատի մատենադարէն պիտի գլխաւորէ «Հրեշտակ Տեառն»ի Մարեմեան աղօթքը, այնպէս ինչպէս նախատեսուած էր» հաստատեց միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի տեղեկացուց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զստոսկրի ջղացաւի պատճառաւ պիտի չի կարենայ գլխաւորել այսօր երեկոյեան ժամը 5-ին Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ նախատեսուած  «Te Deum» -ի աղօթքը ու վաղը՝ մէկ յունուար 2021-ին Մայր Աստուծոյ Սուրբ Կոյս Մարիամին տօնին ու Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առիթներով նախատեսուած Սուրբ Պատարագը։

Մաթթէօ Պրունի նշեց նաեւ թէ երեկոյեան ժամասութեան արարողութիւնը, Քահանայապետի փոխարէն պիտի գլխաւորէ Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսա Ռէ, Կարդինալական Դասին Աւագերէցը մինչ երկրորդ օրուան Սուրբ Պատարագը, զոր տեղի պիտի ունենայ մէկ յունուարի առաւօտեան 10-ին, պիտի նախագահէ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

«Ամենայնդէպս վաղը՝ մէկ  Յունուար 2021-ին  Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատի մատենադարէն պիտի գլխաւորէ «Հրեշտակ Տեառն»ի Մարեմեան աղօթքը, այնպէս ինչպէս նախատեսուած էր» հաստատեց միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը։ 

Յունուար մէկին կը յիշատակուի խաղաղութեան համաշխարհային 54-րդ օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է. «Խնամքի մշակոյթը՝ որպէս խաղաղութեան ճանապարհ»

Ամէն մէկ տարուայ աւարտին ու նոր տարուայ մը սեմին, ընդհանրապէս կը կատարուին հաշուեկշիռներ։

Մեր ետին նայելով կը մտաբերենք անցնող օրերուն մեր ապրած ուրախութիւններն ու տրտմութիւնները, ցաւերը, տառապանքները եւ ինչու չէ նաեւ յաջողակ պահերն ու նուաճումները։

Անցնող այս տարին պարզապէս ահռելի էր համայն մարդկութեան համար՝ քորոնաժահրի համաճարակի բերումով եւ մեզի հայերուս համար եղաւ անկասկած սարսափելի տարի մը։

Ոչ մէկը գիտէ թէ ինչ կը վերապահէ մեզի ապագան, սակայն աղդ ապագան կարող ենք կերտել նաեւ մենք,  մեր առօրեայի յանձնառումներով, մեր ջանքերով, մեր պայքարներով ընդդէմ չարին եւ ի նպաստ բարիին։

 Դժուար է բառեր գտնել փոխանցելու համար բարեմաղթական պատգամ մը, ասոր համար պիտի բաւարարուինք մեր բոլոր ունկնդիրներուն մաղթել՝ որ 2021 ըլլայ պարզապէս յոյսի տարի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2021, 10:08