«Գալստեան»  մտածականները «Գալստեան» մտածականները 

Ֆրանչիսկոս Պապը մասնակցեցաւ «Գալստեան» մտածականներուն ու հանդիպում ունեցաւ Գերմանացի ուսանողներու հետ։

Աստուածաբանութեան երիտասարդ ուսանողները պարտականութիւնը ունին երկխօսութեան մէջ մտնելու աշխարհի մը հետ, ուր միշտ աւելիով կը թուի թէ կրօնը այլեւս տեղ չունի։ Պարտականութիւնը որ բաժնեկցուած է տարբեր կրօններու հաւատացեալներուն հետ այն գիտակցութեամբ՝ որ «Աստուած ներկայ դարձնելը բարիք մըն է մեր հասարակութիւններուն համար»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 18 դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր պաշտօնական օրակարգը սկսաւ իր մասնակցութիւնը  բերելով Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ տեղի ունեցող «Գալստեան» շրջանի մտածականներուն, զոր ներկայացուց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան որպէս նիւթ ունենալով «Բանը մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ»։

Նշենք թէ վերոնշեալ մտածականներու նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ կարդինալական դասը, արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները, Քահանայապետական տան կղերականները, Հռոմի Քուրիայի պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ Քահանայապետական մատրան մաս կազմող ընդհանուր մեծաւորներն ու միաբանութիւններուն ներկայացուցիչները։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչ՝  Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէին, Մոզամպիքի Փեմպա թեմին առաջնորդ՝ գերապայծառ Լուիս Ֆերնանտօ Լիսպոային, Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի քարտուղար՝ գերապայծառ Պրունօ Մարիա Տիւֆֆէին ընկերակցութեամբ Տիար Էֆրայմ Քամիլօ Տաուքինս Սանմիկելին, հուսկ Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Երուսաղէմի ՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի «Ննջումի աբբայարանի» “Theologisches Studienjahr”գերմանացի աստուածարութեան ուսանողներու 30 հոգիէ  բաղկացած խումբի մը հետ։

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը ցաւ յայտնեց որ Համաճարակի պատճառաւ այս տարի ուսումնական ծրագիրը տեղի պիտի չունենայ Սուրբ Երկրին մէջ այլ Հռոմի Սանդ Անսելմոյի համալսարանին մէջ, որուն բերումով «աստուածային նախախնամութիւնը մեզի առիթ ընծայեց իրարու հետ հանդիպելու», յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ վերոնշեալ դասընթացքը մեծ հնարաւորութիւն է կաթողիկէ եւ բողոքական աստուածաբանութեան աշակերտներուն ճանչնալու աստուածաշնչական վայրերը, հանդիպելու արեւելեան եկեղեցիներու ու նաեւ հրեայ եւ իսլամ աշխարհին հետ.

Սրբազան Պապը հուսկ նշեց՝ թէ անոնք որպէս աստուածաբանութեան երիտասարդ ուսանողներ պարտականութիւնը ունին երկխօսութեան մէջ մտնելու աշխարհի մը հետ, ուր միշտ աւելիով կը թուի թէ կրօնը այլեւս տեղ չունի։ Պարտականութիւն, որ բաժնեկցուած է տարբեր կրօններու հաւատացեալներուն հետ այն գիտակցութեամբ՝ որ «Աստուած ներկայ դարձնելը բարիք մըն է մեր հասարակութիւններուն համար»,  որովհետեւ աւելցուց Սրբազան Պապը՝ «համոզուած ենք որ կրօնները թանկարժէք աջակցութիւն  են կառուցելու համար եղբայրութիւնը եւ պաշտպանելու մեր ընկերութիւններու մէջ արդարութիւնը»։

«Միւս կողմէ պէտք է նկատի առնել նաեւ թէ երբ կը փորձենք Աստուած բացառել ընկերութենէն, մարդը  կը սկսի պաշտել կուռքերը եւ շատ արագ կերպով կը կորսնցնէ ինքզինք» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը եւ ողջոյնի խօսքը աւարտեց մաղթելով որ անոնք կարողանան առիթը ունենալ այցելելու աստուածաշունչի սուրբ վայրերը ու մաղթեց նաեւ՝ որ Էմմանուէլը զանոնք լիացնէ ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ ու զանոնք դարձնէ «Աստուած մեզի հետ» ի իսկական վկաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2020, 12:45