«Մարիամին նայելով մեր կեանքը վերածենք պարգեւի». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Լատինամերիկայի պաշտպան սրբուհի`Կուատալուփի Տիրամօր ծիսական տօնին առիթով Սուրբ Պետրոսի մէջ սուրբ Պատարագ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 12 դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Լատինամերիկայի պաշտպան սրբուհի`Կուատալուփի Տիրամօր ծիսական տօնին առիթով մատոյց Սուրբ Պատարագ, նուիրուած Կուատալուփի Տիրամօր թագադրութեան 125-րդ ամեակին։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Պապը ըսաւ. «Նայելով Տիրամօր սրբանկարին այնտեղ կը տեսնենք երեք իրականութիւններ, առատութիւն, օրհնութիւն եւ պարգեւ։

Խօսելով առատութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց թէ Աստուած  ինքզինք կը նուիրէ առատութեամբ։ Անոր «սահմանը» առատաձեռնութիւնն է, ինքզինք առատութեամբ նուիրելու անհնարութիւնը։ Մատնանշելով օրհնութեան Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Մարիամի Եւ Եղիսաբեթի հանդիպումին, որ, ըսաւ Ան, օրհնութիւն մըն է, հաստատելով թէ Աստուծոյ ոճը օրհնութիւն է մինչ անէծքը կը պատկանի սատանային։ Հուսկ Պարգեւի մասին անդրադառնալով Սրբազան Պապը նշեց՝ թէ «կայ պարգեւը զոր Աստուծմէ մեզի կը ներկայացուի որպէս օրհնութիւն ու թէ այդ նուէրը կ՛իրականացուի Տիրամօր մէջ «Օրհնեալ ըլլաս դուն որ մեզի բերիր Օրհնեալը»։

«Խորհրդածելով մեր Մօր՝ Տիրամօր նկարի մասին Աստուծմէ խնդրենք որ մեր կեանքը փոխէ ու զայն դարձնէ պարգեւ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Յայտնենք թէ Վատիկանի ներքին Ատեանի առաքելական Սուրբ Ժողովը Ֆրանչիսկոս Պապի հրահանգով, յառաջիկայ 12 դեկտեմբերին, Կուատալուփի Տիրամօր Թագադրութեան 125րդ ամեակին առթիւ նախատեսուած «լիակատար ներումը» ընդլայնեց աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք կը մասնակցին այդ տօնախմբութեան։

Հաւատացեալները կարող են լիակատար ներումը ընդունիլ մնալով իրենց տուներուն մէջ, եւ այդ օր մեծարելով Կուատալուփի Տիրամօր սրբապատկերը, ու նաեւ հետեւելով Մեքսիքայի սրբավայրէն ուղիղ եթերով սփռուած պատարագներուն, աղօթելով նաեւ Քահանայապետի դիտաւորութեան, ու դիմելով խոստովանանքի խորհուրդին եւ ընդունելով Սուրբ Հաղորդութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2020, 12:00