«Բնապահպանութիւն. Հասած է ուղղութիւնը փոխելու պահը». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ներկայի համաճարակը եւ կլիմայական փոփոխութիւնները, որոնք ունին ոչ միայն բնապահպանական, այլ նաեւ բարոյական, ընկերային տնտեսական եւ քաղաքական կարեւորութիւն, առաջին հերթին կ՛ազդեն ամենաաղքատ եւ խոցելի խաւերու կեանքին վրայ։ Անոնք կոչ կ՛ուղղեն մեր պատասխանատուութեան միասնական ու զօրակից յանձնառումով խթանելու «խնամքի մշակոյթը», որ՝ որպէս կեդրոն ընտրէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ հասարակաց բարիքը»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ իր լսատեսողական պատգամը ուղղուած «High Level Virtual Climate Ambition Summit» գագաթնաժողովի մասնակիցներուն դիտել տալով՝ թէ այդ ուղղութեամբ հարկաւոր է ռազմավարութիւն մը զեռոյի հասցնելու համար զուտ արտանետումները (net-zero emission).
Սրբազան Պապը դիտել տուաւ թէ Սուրբ Աթոռն ալ կը միանայ այդ նպատակին՝ երկու ուղղութիւններով. Մէկ կողմէ Վատիկանի Պետութիւնը յանձնառու է 2050-էն առաջ զեռոյի վերածել զուտ արտանետումները, աւելացնելով տարիներէ ի վեր ի գործ դրուած բնապահպանական կառավարման ջանքերը եւ միւս կողմէ Սուրբ Աթոռը յանձնառու է խթանելու համապարփակ բնապահպանութեան կրթութիւն մը, որուն համար պէտք է միացնել քաղաքական եւ թեքնիքական միջոցները զանոնք դնելով ի սպաս կրթական գործընթացքի մը, որ խթանէ զարգացումի եւ կայունութեան համակարգ մը կեդրոնացած եղբայրութեան ու մարդ անհատի եւ բնութեան միջեւ դաշինքի վրայ։
«Այս հեռանկարով է որ սկիզբ տուի «Կրթութեան Համընդհանուր դաշինքին» աջակցելու համար կաթողիկէ դպրոցներն ու համալսարանները յաճախող 70 միլիոնէ աւելի աշակերտներուն ու նաեւ սատարեցի «Ֆրանչիսկոսի Տնտեսութեան», որուն միջոցաւ երիտասարդ տնտեսագէտներ, գործարարներ ու ֆինանսի եւ աշխատանքի աշխարհի մասնագէտներ, խթանեն նոր ճանապարհ, որ հասարակաց բարիքին խնամքը ընտրէ որպէս ազգային եւ միջազգային քաղաքականութեան կեդրոն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու պատգամը աւարտեց հաստատելով թէ «Հասած ուղղութիւնը փոխելու պահը» ու կոչ ուղղեց «Նոր սերունդներէն չի խլելու աւելի լաւ ապագային յոյսը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ