Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

«Ուղեւորութեան մէջ ապիկար ծառաներ ենք. Ոչ բախումներուն». Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Քուրիային։

Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթանքներու փոխանակման առթիւ Սրբազան Պապը հանդիպեցաւ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ յորդորելով անոնց ճգնաժամը ապրիլ որպէս շնորհքի ժամանակ թոյլ տալով՝ որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ քայլերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ Սուրբ Ծննդեան Տօնին առթիւ  Հռոմի Քուրիային ուղղած այս տարուայ ճառը խորհրդածութիւն մըն է հայող աշխարհին ապրած ճգնաժամին։

«Այս Ծնունդը, համաճարակի Ծնունդն է, առողջապահական, տնտեսական ու ընկերային ճգնաժամի Ծնունդ ու նաեւ եկեղեցական ճգնաժամի Ծնունդ» ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով թէ հակառակ այս իրողութեան, այս պահը նաեւ «մեծ առիթ է դարձի գալու եւ վերագտնելու հարազատութիւնը» որպէսզի «բոլորին մէջ դարձեալ վերածնի եղբայրութեան համաշխարհային ձգտում մը»։

Նորին Սրբութիւնը  տագնապը քննարկեց Աստուածաշունչի անձնաւորութիւններու աչքերով ու փորձառութիւններով, մեկնելով Աբրահամէն, Մովսէս մարգարէէն, Եղիա մարգարէէն ու անցնելով նոր կտակարան՝  Յովհաննէս Մկրտիչին եւ Սուրբ Պօղոսին։ «Թէեւ ամէնէ խօսուն տագնապը Յիսուսին տագնապն է, որ ան ապրեցաւ Խաչին վրայ ու որուն հետեւանքը եղաւ Անոր ամբողջական եւ վստահելի յանձնումը իր Հօրը, որով բացաւ Յարութեան դռները»։

«Տագնապին հաղող այս խորհրդածութիւնը մեզ կը զգուշացնէ եկեղեցին քննադատելէ, երեկուայ եւ այսօրուայ գայթակղութիւններու պատճառած ճգնաժամերու հիման վրայ» նշեց Սրբազան Պապը հաստատելով՝ որ «Աստուած կը շարունակէ իր սերմը աճեցնել մեր մէջ» եւ այսպէս է որ Քուրիայի մէջ կան բազմաթիւ վկայութիւններ անձերու՝ որոնք իրենց հեզ, հաւատարիմ եւ արհեստավարժ աշխատանքով «կը շարունակեն յոյսի նշաններ ընծայել,  որոնք յաճախ թերթերուն առաջին էջերու վրայ չեն յայտնուիր» յարեց Քահանայապետը հաստատելով թէ «ասոր համար հարկաւոր է ճգնաժամերուն նայիլ Աւետարանի աչքերով», հեզութեամբ կրկնելու որ տագնապի ժամանակը ժամանակ է Սուրբ Հոգիին։

Քահանայապետը հրաւիրեց ապա «ճգնաժամը չի շփոթել բախումներու հետ» որովհետեւ ճգնաժամը ընդհանրապէս ունի դրական արդիւնք մինչ հակամարտութիւնը միշտ հակառակութիւն կը ստեղծէ, բաժնելով մարդիկը ընդմէջ սիրուելիք բարեկամներու եւ թշնամիներու՝ որոնց դէմ պէտք է պայքարիլ, յառաջացնելով «փակ խումբերու» յայտնուիլը, որոնք «կ՛աղքատացնեն մեր առաքելութեան տիեզերականութիւնը», յարեց Սրբազան Պապը բացատրելով որ երբ Եկեղեցին ներկայացուի որպէս դասակարգերու միջեւ բախում ան կ՛ուրանայ իր ինքնութիւնը եւ կը հեռանայ նաեւ իր հարստութենէն եւ բազմազանութենէն,  զոր Սուրբ Հոգին պարգեւած է անոր»։

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը հրաւիրեց հետեւիլ Սուրբ Հոգիին ու պաշտպանուիլ տագնապէն առանց Աստուծոյ Շնորհքին արգելք հանդիսանալու ու գործելու Աւետարանի լոյսին ներքոյ։

«Ամէն մէկ տագնապի ետին կայ միշտ վերանորոգումի  արդար կարիքը» ըսաւ  ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ պէտք չէ Եկեղեցւոյ մէջ բարեկարգումները նկատել որպէս հին զգեստի կարկտան, որովհետեւ Եկեղեցին Քրիստոսի զգեստը չէ, այլ անոր Մարմինը որ կ՛ողջագուրէ համայն պատմութիւնը եւ «մենք կանչուած ենք այդ Մարմինը զգեստաւորելու նոր զգեստով որպէսզի ի յայտ դրուի թէ ընկալուած Շնորհքը մեզմէ չի գար այլ Աստուծմէ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ աւելուց «Տագնապէն դուրս գալու համար պէտք է թոյլ տանք որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ մեզ,  որպէսզի ամէն օր աւելիով մօտենանք  «ճշմարտութեան»։ Առանց Սուրբ Հոգիի շնորհքին եկեղեցին կը  դառնայ լոկ նման որեւէ մեր  ժողովրդավարական ժողովի, որ բաղկացած է մեծամասնութիւններէ եւ փոքրամասնութիւններէ։ Միայն Սուրբ Հոգիին ներկայութիւն է, որ յառաջ բերէ տարբերութիւն մը»։

«Հարկաւոր է ապա այս ճգնաժամը ընդունիլ որպէս շնորհքի ժամանակ որ մեզի տրուած է հասկնալու համար Աստուծոյ կամքը մեզմէ իւրաքանչիւրիս ու համայն եկեղեցւոյ համար, միշտ աւելիով մխրճուելով աղօթքին մէջ,  որ մեզի թոյլ կու տայ յուսալ հակառակ ամէն յոյսի»  նշեց հուսկ Սրբազան Պապը ու հրաւէր ուղղեց շարունակել «պահպանել խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն», այն գիտակցութեամբ թէ մենք բոլորս, սկսեալ ինձմէ,  «ապիկար ծառաներ ենք» որոնց Տէրը ողորմեցաւ եւ ասոր համար «աւելի լաւ պիտի ըլլայ եթէ դադրինք ապրելու բախումներու մէջ ու դարձեալ մենք մեզ զգանք ուղեւորութեան մէջ» ըսաւ Քահանայապետը որ ապա  վերանորոգեց  հրաւէրը՝ «հեռու մնալու շատախօսութիւններէն եւ չարախօսութիւններէն»,  որոնք ըսաւ Ան, «տագնապը կը վերածեն հակամարտութեան»։

Աւետարանը մեզի կը պատմէ թէ  Հովիւները հաւատացին Հրշտակի աւետիսին ու ճամբայ ելան դէպի Յիսուս։ Իսկ Հերովդէսը փակուեցաւ Մոգերու պատմուածքին դիմաց ու այդ իր փակումը վերածեց սուտի եւ բռնութեան։ Մեզմէ իւրաքանչիւրս,  որ  որեւէ դիրք կը գրաւէ Հռոմի Քուրիայի մէջ թող ինքնիրեն հարց տայ եթէ կ՛ուզէ Յիսուսին հետեւիլ հովիւներու հնազանդութեամբ կամ Հերովդէսի ինքնապաշտպանութեամբ,  հետեւել Անոր՝ ճգնաժամին մէջ կամ պաշտպանուիլ Անորմէ հակամարտութեան մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու ճառը աւարտեց վերջին մէկ խնդրանքով, որ է նաեւ Սուրբ Ծնունդի նուէր, «վեհանձն համագործակցութիւնը աւետելու համար Բարի Լուրը յատկապէս աղքատներուն. որոնց մէջ կարելի է տեսնել Աստուծոյ դիմագիծը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2020, 11:30