Նոր անուանուած Կարդինալները այցելեցին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։

«Սիրալիր մթնոլորտի մէջ, կարդինալները առանձնապէս ներկայացուեցան Վաստակաւոր Քահանայապետին, որ իր ուրախութիւնը արտայայտեց այցելութեան համար ապա «Ողջ Լեր» աղօթքէն ետք անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 24 նոյեմբեր 2020-ի երեկոյեան Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ կայացած Կարդինալական հանրային հաւաքին աւարտին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ կարդինալական տիտղոսի տուչութիւնը, նոր անուանուած կարդինալներէն 11ը Ֆրանչիկսոս Պապին հետ միասին այցելութիւն  տուին Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Սրբազան Պապին, անոր հետ հանդիպելով «Մաթէր Էքքլեզիա»  վանքի մարտան մէջ։

Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը նշելով նաեւ թէ «սիրալիր մթնոլորտի մէջ, կարդինալները առանձնապէս ներկայացուեցան Վաստակաւոր Քահանայապետին, որ իր ուրախութիւնը արտայայտեց այցելութեան համար ապա «Ողջ Լեր» աղօթքէն ետք անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2020, 18:32