Սուրբ Կոյս Մարիամի ի տաճար ընծայման տօն Սուրբ Կոյս Մարիամի ի տաճար ընծայման տօն 

Քահանայապետին թուիթը Սուրբ Կոյս Մարիամի ի տաճար ընծայման տօնին առթիւ։

Այսօր կը յիշատակուի նաեւ հայեցողական կեանք ապրող փակեալ կրօնական միաբանութիւններու համաշխարհային օրը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Շաբաթ  21 Նոյեմբերին, կը տօնենք Աստուածածնայ տաճար ընծայումին տօնը, որ կը յիշատակէ Մարիամի նուիրումը տաճարին, որպէս անդրանիկ զաւակ իր ծնողքին, Յովակիմի եւ Աննայի, իր ծնունդէն 75 օր վերջ, ինչպէս որ կը հրամայէր Տիրոջ օրէնքը։

Սուրբ Կոյս Մարիամի ի տաճար ընծայման տօնին առթիւ որ է նաեւ Փակեալ կրօնական միաբանութիւններու համաշխարհային օրը հաստատուած Պիոս ԺԲ Քահանայապետի օրով 1953ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրատարակեց հետեւեալ թուիթը։

«Այսօր կը յիշատակենք Մարիամի տաճար ընծայումը եւ կը տօնախմբենք #ProOrantibus աղօթողներու օրը։ Շնորհակալութիւն հայեցողական կեանք ապրող եղբայրներ եւ քոյրեր,  որովհետեւ դուք թիկունք էք տկարներուն, փարոս՝ որ ցոյց կու տայ նաւահանգիստը, ջահեր՝ որոնք կը լուսաւորեն գիշերը, պահակները՝ որոնք կ՛աւետեն նոր օրը»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2020, 11:30