«Պատերազմը բոլոր իրաւունքներու մերժում է» «Պատերազմը բոլոր իրաւունքներու մերժում է»  

«Պատերազմը բոլոր իրաւունքներու մերժում է» Ֆրանչիսկոս Պապին 6 նոյեմբերի թուիթը։

Եթէ մենք կ՛ուզենք բոլորին համար մարդկային իսկական համապարփակ զարգացում մը, պէտք է շարունակենք անխոնջ յանձնառութեամբ խուսափիլ պատերազմէն».
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

6 նոյեմբերին կը յիշատակուի, Պատերազմի և զինուած հակամարտության ժամանակ շրջակայ միջավայրի շահագործումը կանխարգիլելու միջազգային օրը։

Օրը հաստատուած է  ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի կողմէ 2001 թուականին։  Ան կը յիշեցնէ՝ թէ  վերջին 60 տարիներու ընթացքին բոլոր ներքին հակամարտութիւններու առնուազն 40 տոկոսը կապուած  եղած է  բնական պաշարներու շահագործման հետ, ինչպիսի  են փայտանիւթը, ադամանդը, ոսկին, նաւթը, բերրի հողը, ջուրը:

Պատերազմի և զինուած բախումներու ժամանակ շրջակայ միջավայրի շահագործման կանխարգիլման միջազգային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը՝ որուն մէջ գրեց.

«Պատերազմը բոլոր իրաւունքներու մերժում է և շրջակայ միջավայրի վրայ ողբերգական յարձակում։  Եթէ ​​մենք կ՛ուզենք բոլորին համար մարդկային իսկական համապարփակ զարգացում մը, պէտք է շարունակենք անխոնջ  յանձնառութեամբ խուսափիլ պատերազմէն» #EnvironmentConflictDay #FratelliTutti։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2020, 11:30