Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի ինքնագիր նամակը  շնորհապարգեւներու վաւերականութեան վերաբերեալ։

Նորին Սրբութեան ինքնագիր նամակը ուժի մէջ պիտի մտնէ յառաջիկայ 10 նոյեմբերին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ինքնագիր նամակով մը փոփոխութիւն կատարեց եկեղեցական կանոնագիրքի թիւ 579 օրէնքին մէջ, որ կը հայի կրօնական նոր հաստատութիւններու հիմնադրութեան վաւերականութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Ինքնագիր նամակին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ շնորհապարգեւի մը վաւերականութեան նշան է, անոր եկեղեցականութիւնն ու Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին կեանքին մէջ ամբողջութեամբ մասն կազմելու կարողութիւնը։ (Esort. Ap. Evangelii gaudium, 130)։

Սրբազան Հայր նկատել տուաւ, որ շնորհապարգեւներու եկեղեցականութեան եւ վստահելիութեան զատորոշումը, տեղական եկեղեցիներուն պատասխանատուութիւնն է, որ կ՝արտայայտուի անձինք նուիրեալներու կեանքի բոլոր ձեւերուն հոգածութեան ներքեւ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշած է , թէ Առաքելական Աթոռին պարտականութիւնն է ընկերանալ հովիւներուն եկեղեցական նոր հաստատութիւններ, միաբանութիւններ հիմնելու ու անոնց վաւերականութիւնը ճանաչելու զատորոշումի մէջ։  Նորին Սրբութիւնը  նկատել կու տայ, որ իւրաքանչիւր կրօնական  կամ առաքելական կեանքի հաստատութիւն, եկեղեցւոյ շնորհուած  պարգեւ մըն է,  որ մեկուսացուած  իրականութիւն մը չէ այլ ամբողջութեամբ եկեղեցւոյ  պատկանող իրականութիւն է ։

Արդադեւ  ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակին մէջ հրահանգ կու տայ փոխելու  եկեղեցական կանոգագիրքի թիւ 579 կանոնը, զայն փոխարինելով հետեւեալ յօդուածով «թեմական եպիսկոպոսը իր եկեղեցական տարածքէն ներս կրնայ կրօնական, առաքելական կեանքի հասատաթութիւններ հիմնել լոկ՝ Առաքելական Աթոռին գրաւոր թոյլտուութեամբ։»

Նամակի մէջ  ֆրանչիսկոս Պապ հրահանգեց, որ սոյն ինքնագիր նամակը հրապարակուի L’Osservatore Romano, օրաթերթին մէջ եւ ուժի մէջ մտնէ  10 նոյեմբեր 2020ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2020, 10:41