Եթովպացի տեղահաններ Եթովպացի տեղահաններ 

Քահանայապետը կ՛աղօթէ Եթովպիայի համար. Թող դադրին բռնութիւնները, թող պաշտպանուի կեանքը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը հայող Ֆրանչիսկոս Պապին զօրեղ կոչին՝ վերջ դնելու մէկ ամիսէ ի վեր Եթովպիային հիւսիսը արիւնող հակամարտութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուշադրութիւն, աղօթք եւ զօրեղ կոչ մը ուղղուած հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած կողմերուն ձեռք բերելու համար խաղաղութիւնը։ Այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին սրտին իղձը ի տես մէկ ամիսէ ի վեր Եթովպիայի հիւսիսային շրջանի մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւններուն ընդմէջ դաշնային զօրքերուն և «Թիկրայ» ժողովրդական ազատագրական Ճակատին, որուն բերումով համայն տարածաշրջանը վտանգի տակ է ու կան աւելի քան 40 հազար տեղահաններ։

«Սրբազան Քահանայապետը կը հետեւի Եթովպիայէն հասնող լուրերուն, ուր մի քանի շաբաթներէ ի վեր ընթացքի մէջ է ռազմական առճակատում, որ ներգրաւած է Թիկրայի տարածաշրջանը ու անոր մօտակայ շրջանները։ Բռնութիւններու պատճառաւ, զոհուած են հարիւրաւոր քաղաքացիներ ու տասնեակ հազարաւոր անձինք ստիպուած եղած են փախչիլ իրենց տուներէն դէպի Սուտան»,  գրած է հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը, որ ապա աւելցուցած է «Անցեալ 8 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով Եթովպիայի մէջ տեղի ունեցող հակամարտութեան ըսած էր. «Մինչ կը խրախուսեմ ետ մղել զինեալ բախումի փորձութիւնը, կը հրաւիրեմ բոլորը աղօթքի եւ եղբայրական յարգանքի, երկխօսութեան եւ տարաձայնութիւններու խաղաղ կարգաւորման»։

Քահանայապետը ապա հաւէր ուղղելով աղօթելու այդ երկրին համար, կոչ կ՛ուղղէ հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած կողմերուն, որպէսզի դադրեցնեն բռնութիւնները, պաշտպանուի կեանքը ու յատկապէս քաղաքացիներուն կեանքը եւ ժողովուրդները կարողանան վերագտնել խաղաղութիւնը։


Հակամարտութիւններու սկիզբ առին  Քովիտ 19 համաճարակի բերումով ընդհանուր ընտրութիւններու յետաձգելուն պատճառաւ։ : Ըստ Թիկրին ցեղախումբի անդամներուն այս մէկը պատրուակ մըն է «Թիկրայ» շրջանին ինքնավարութիւն չտրամադրելու համար: Պատճառաբանութիւնները սակայն կը թաքցնեն բախման իրական արմատը, այն է, որ մինչև Վարչապետ Ահմեդի իշխանութեան գլուխ անցնիլը այդ մէկը վերապահուած էր Թիկրայ խմբաւորումին։

Դժբախտաբար հակամարտութիւնները յառաջացուցած են  մարդասիրական ծանր տագնապ եւ մինչեւ օրս դժուար կը թուի որ կողմերը հասնին համաձայնութեան։

ՄԱԿ-ի վերջին տուեալներու համաձայն 7 – 19 նոյեմբերին, 31.500 մարդ ապաստան գտած են Սուտանի մէջ։ Եւ մինչ աղօթքներն ու կոչերը կը կրկնապատկուին, որպէսզի վերջ դուրի  պատերազմին Էնտիպիրի եպիսկոպոսը գերապայծառ Մուզիէ Կէպրէկիորկիսը անցեալ 24 նոյեմբերին Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին նշած էր թէ «երբ երկու  փիղեր կը պայքարին, ան որ աւելիով կը տառապի անոնց ոտքերու տակ գտնուող խոտն է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2020, 19:00