Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Սալեզեաններու համալսարանի երիտասարդներուն։

Սալեզեաններու համալսարանի երիտասարդները յատուկ ուղեցոյց մը պատրաստած են Յիսնակաց շրաջնին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 26 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց Սալեզեաններուն համալսարանի երիտասարդները, որոնք համագործակցութեամբ Վենետիկի  «Քուպէ» Ռատիոկայանին պատրաստած են Յիսնակաց շրջանին համար հոգեւոր ուղեցոյց մը՝ ներշնչուելով Յիսնակաց շրջանի իւրաքանչիւր կիրակնօրեայ Աստուծոյ խօսքէն  եւ «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականէն։

Ունկնդրէ լուրը

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Սալեզեաններուն համալսարանի երիտասարդներուն եւ Վենետիկի  «Քուպէ» Ռատիոկայանին, Յիսնակաց շրջանին համար պատրաստած ուղեցոյցին համար, ներշնչուելով իւրաքանչիւր կիրակնօրեայ Աստուծոյ խօսքէն եւ «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականէն։» ըսաւ Սրբազան Հայրը պատգամի սկիզբը Ան ապա հրաւիրեց համալսարանի երիտասարդները «ներգրաւելու այլ երիտասարդներ ու համացանցի հետեւորդներ, Սուրբ Ծննդեան տօնին  պարաստութեան մէջ, տարածելով Աստուծոյ խօսքը նաեւ  Վատիկան Նիւզի ընկերային հաղորդամիջոցներու միջոցաւ  ու հրաւիրելով, որ խնամք տանին հասարակաց տան։» ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, վստահեցնելով իր աղօթքը ու  խնդրելով, որ երիտասարդները եւս աղօթեն իրեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2020, 14:05