Ֆրանչիսկոս Պապին գիրքը։ Ֆրանչիսկոս Պապին գիրքը։ 

«Վերադառնանք երազելու» ֆրանչիսկոս Պապին եւ լրագրող Աուսթին Իվերէկի գիրքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ այս գիրքին մէջ կը խօսի «Քովիտ» հիւանդութեան նման ապրած երեք կացութիւններուն մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ օրերուն լոյս պիտի տեսնէ ֆրանչիսկոս Պապին ու լրագրող Աուսթեն Իվերէկ-ի հետ հեղինակած «Վերադառանք երազելու» վերնագիրով նոր գիրքը։

Ունկնդրէ լուրը

Գիրքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը խօսի «Քովիտ» հիւանդութեան նման իր կեանքին ընթացքին ապրած երեք կացութիւններուն մասին։

Առաջինը՝ երբ ծանր հիւանդացած էր, երկրորդը՝ երբ Գերմանիոյ մէջ աշակերտ էր, իսկ երրորդը՝ երբ մեծաւոր էր Քորտոպային մէջ Յիսուսեաններու վանքին ։

Ֆրանչիսկոս Պապ գիրքի մէջ գրած է, թէ ծանր հիւանդացած է երբ 21 տարեկան էր, որուն ընթացքին ապրած է ցաւի , մենակութեան ,փորձառութիւնը։ Բժիշկները չէին գիտեր եթէ պիտի փրկուէր այդ հիւանդութենէն։  1957ին, բժիշկները գործողութեամբ մը փորձած են դուրս հանել աջ թոքին վերի մասը։ Գրած է նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ ասոր համար ան շատ լաւ կը հասնկայ «քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդներուն ցաւը։ Այդ ժամանակաշրջանին Քորնելիա եւ Միքայէլ երկու երկու քոյրերուն է, որ կը պարտի իր կեանքը, որոնք արդեն երկինք կը գտնուին։գրած է ֆրանչիսկոս Պապ։

«Քովիտ»ի նման երկրորդ կացութիւն մը ապա ապրած  է 1986ին,Գերմանական պատերազմի օրերուն, սոյն  ժամանակաշրջանը կոչելով «Աքսորի քովիտ» գրած է Սրբազան Հայրը  ընդգծելով  նաեւ , որ կամաւոր աքսոր էր, որովհետեւ ինքնակամ որոշած է Գերամանիա երթալ՝ լեզու սորվելու ու ամբողջացնելու իր աւարտաճառը ։ Այդ ժամանակաշրջանին ապրած եմ մենակութեան փորձառութիւնը գրած է Սրբազան հայրը իր գիրքի  մէջ ։

Քովիտի նման երրորդ կացութիւն մը, ֆրանչիսկոս Պապ ապրած է 1990-1992 թուականներուն, Քորտոպայի մէջ կատարած առաքելութեան ժամանակ՝ երբ մեծաւոր էր Յիսուսեաններու վանքին։ «Այդ ժամանակահատուածին խոստովանանքի կ՝երթայի, Սուրբ պատարագ կը մատուցանէի եւ իմ  բնակարանէս դուրս կու գայի միայն նամակատուն երթալու համար։ Ինծի համար այդ ժամանակաշրջանը եղած է, որպէս ինքնամեկուսացումի շրջան, որ առիթ եղաւ  նաեւ գրելու կարդալու եւ շատ աղօթելու»։ գրած է Սրբազան Հայրը

Ֆրանչիսկոս Պապ Քորտոպայի մէջ ապրած օրերը նկատած է, որպէս իսկական բիւրեղացումի շրջան, որուն ընթացքին սորված է աւելի հանդուրժող, համբերատար եւ ներողամիտ ըլլալ։ Այդ ժամանակաշրջանին կարդացած  է նաեւ Ludwig Pastor-ի Քահանայապետերուն պատմութիւն հատորները որոնք իրեն համար այժմ կը ծառայեն որպէս պատուաստ,   հասկնալու համար եկեղեցւոյ եւ Հռոմի քուրիայի մէջ պատահած դէպքերը։

«Ասոնք եղած ենք իմ գլխաւոր անձնական քովիտները։ Ասնոցմէ դաս քաղեցի, թէ շատ կը տառապիս, սակայն՝ եթէ դուն քեզի թոյլ տաս փոխուելու, աւելի լաւ կրնաս դուրս գալ»։ Գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ գիրքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2020, 10:29