Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց  Լատինամերիկեան Ք Վարժարանի հասարակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Լատինամերիկեան Ք Վարժարանի հասարակութիւնը 

«Բացէք ձեր սրտերուն դռները». Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Լատինամերիկեան Ք Վարժարանի հասարակութեան։

Տէրը ձեզ կոչեց քահանայական կոչումին ու ձեզ ղրկեց Հռոմ շարունակելու եւ աւարտելու համար ձեր կազմաւորումը որովհետեւ ան ձեզի համար ունի սիրոյ եւ խաղաղութեան յատուկ ծրագիր։ Հովիւներ՝ որոնք կը նուիրուին հօտին, զայն կ՛առաջնորդեն սնունդ կը հայթայթեն, կը խնամեն ու կը փնտռեն միշտ անոր բարեկեցութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 20 նոյեմբեր 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատէն ներս ընդունեցաւ Լատին Ամերիկեան Քահանայապետական Վարժարանի հասարակութեան պատուիրակութիւն մը, որուն առթիւ անոնց ուղղեց ճառ մը,  որուն սկիզբը ակնարկեց Վարժարանի  հիմնադրութեան ու այսօր անոր դիմաց կայացած մարտահրաւէրներուն ինչպէս նաեւ անոր առաքելութեան ի նպաստ աւետարանումին։

 Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ Վարժարանէն ներս ապրող հասարակութեան իրողութեան վրայ զոր կազմուած է տարբեր վայրերէ ժամանած անձերէ եւ՝ որ իր բազմազանութեան խառնածնութեան  շնորհիւ «կարող է սատարել աշխարհի բուժման», յարեց Սրբազան Պապը, մատնանշելով թէ ինչպէս աւետարանը «մարդկային միջոցներով» հասաւ Լատին Ամերիկեան ցամաքամաս ու շնորհքի միջոցաւ ընդունուեցաւ եւ տարածուեցաւ ցամաքամասի ամէն մէկ անկիւն։

«Այս հրաշքը կատարուեցաւ որովհետեւ ըլլան անոնք՝ որոնք զայն ընկալեցին ըլլան անոնք՝ որոնք այնտեղ տարին  աւետարանը գիտցան բանալ իրենց սրտերը, այնպէս ընելով որ Խօսքը ընկալուի» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «Խառնածնութեան արմատը ունի սիրտ մը կարող սիրելու պտղաբեր սիրով», որ կը նշանակէ «մերժել ինքնայղումը տարածելու համար ընկալուած պարգեւը»։

«Արքայութեան այդ սերմը պիտի աճի ու բազմանայ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով թէ ինչպէս լատին ամերիկացիներ տարածուած են աշխարհի չորս կողմերը ու կ՛ապրին աշխարհի տարբեր քրիստոնեայ հասարակութիւններու ներքոյ եկեղեցիներուն պարգեւելով նոր կենսունակութիւն։

«Այս ուղղութեամբ դուք կանչուած էք Խօսքը սերմանելու վեհանձնութեամբ առանց վերապահութեան այնպէս ինչպէս Աստուած կը սերմանէ որ չի նայիր հողին կարծրութեան։ Ձեր կազմաւորումը ու առաքելութիւնը պէտք է ընթանան այս ուղղութեամբ, բանալ ձեր սրտին դռները ու սրտի դռներն անոնց որոնք ձեզ կ՛ունկնդրեն, բուժելու համար այս աշխարհի ցաւերը զոր համաճարակը աւելիով ի յայտ դրաւ եւ սրացուց» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու նշեց թէ  անոնք իրենց սրտերը բանալու են անկասկած Տիրոջ առջեւ, որ կը բախէ այդ սրտերու  դուռը, սակայն հարկ է նաեւ զայն բանալ մեր եղբօրը դիմաց. Որովհետեւ պէտք չէ մոռնալ թէ մեր Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնը կարելի է գնահատել մեր մերձաւորի նկատմամբ ունեցած վերաբերմունքին հիման վրայ։  Երբ կը բանաք ձեր սրտին դռները առանց խտրականութեան, Աստուծոյ սիրոյ համար, դուք կը ստեղծէք տարածք ուր Աստուած ու մերձաւորը կարող են իրարու հանդիպիլ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով ներկաները միշտ ցոյց տալու այդ բացուածքի տրամադրութիւնը։

«Տէրը ձեզ կոչեց քահանայական կոչումին ու ձեզ ղրկեց Հռոմ շարունակելու եւ աւարտելու համար ձեր կազմաւորումը որովհետեւ ան ձեզի համար ունի սիրոյ եւ խաղաղութեան յատուկ ծրագիր։ Հովիւներ՝ որոնք կը նուիրուին հօտին, զայն կ՛առաջնորդեն սնունդ կը հայթայթեն, կը խնամեն ու կը փնտռեն միշտ անոր  բարեկեցութիւնը։ Պայքարեցէք մնացորդացի մշակոյթին դէմ, ընկերային տարանջատումին դէմ, յուսալքումի, ցեղային մշակոյթին ու հաւատքին  հայող նախապաշարումներու դէմ, որպէսզի եղբայրութեան զգացումը գերակայէ բոլոր տարբերութիւններուն վրայ» ըսաւ ապա Քահանայապետը որ ճառին վերջին մասը յատկացուց համաճարակի իրողութեան։  

«Համաճարակը մեզ դրաւ մեծ չարիքի դիմաց, որ կը հարուածէ մեր ընկերութիւնը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով  թէ համաշխարհայնացումը հատեց արդեն սահմանները սակայն ոչ սրտերուն ու մտքերուն սահմանները։  Վիրուսը կը տարածուի ազատ կերպով սակայն կարող չենք տակաւին միասնական պատասխան մը տալ անոր։ Աշխարհը կը շարունակէ դուռերը փակել, մերժելով երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը, մերժելով բացուիլ միասնական յանձնառումին ի նպաստ բարիքի մը՝ որ ներգրաւէ բոլորը անխտիր։  Այս չարիքի բուժումը պէտք է ծնի ներսէն, յատակէն, սրտերէն ու հոգիներէն անոնց որոնք օր մը ձեզի պիտի յանձնուին ու պէտք է ունենայ շօշափելի առաջարկներ կրթութեան, քրիստոնէականի, ընկերային յանձնառումի բնագաւառներէն ներս, որոնք կարող ըլլան փոխել մտայնութիւն ու բանան նոր տարածքներ, բուժելու համար այս չարիքը եւ Աստուծոյ նուիրելու միացած ժողովուրդ մը։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց բոլորը յանձնելով Կուատալուփի Տիրամօր հովանիին.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2020, 13:38