Աշակերտներու լուսանկար Աշակերտներու լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Կեդրոնացում, ընկալում եւ ներգրաւում։ Երեք կարեւոր կէտեր համաշխարհային կրթական դաշնագիր ծրագիրին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին 15 հոկտեմբեր թուակիր պատգամը յղած Փիէ դպրոցներուն» միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 12 նոյեմբերին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 15 հոկտեմբեր թուակիր պատգամը յղած «Փիէ դպրոցներուն» միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորին։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնած է  ընդհանուր մեծաւորին, «համաշխարհային կրթական դաշնագիր» ձեռնարկին մասնակցելու ուղարկած հրաւէրին համար, որ տեղի կ՝ունենայ առցանց 12-14 նոյեմբերին։ Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունած է կրթական դաշնագիր ձեռնարկին մասնակցող կրօնական բոլոր հաստատութիւնները նշելով որ հրօնական հաստատութիւնները միշտ առաջնագիծ գտնուած են կրթական պարտականութիւններու մէջ, որուն օրինակ է Սուրբ խօսէ Քալասանցը, որ հիմնադիրն է «Փիէ դպրոցներու» միաբանութեան։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նշած է, որ Սուրբ Խօսէ առաջին հիմնադիրը եղած է մանուկներուն դպրոցին  ու սուրբին  հիմնած միաբանութիւնը միշտ կարողացած է դիմագրաւել բոլոր ժամանակներու մարտահրաւէրներն ու կարիքները։ Առ այդ  նշած է Ֆրանչիսկոս Պապ,  այսօր եկեղեցւոյ հրաւէրն է որ այդ միաբանութիւնը վերանորոգէ իր ինքնութիւնը։

Ապա Ան գոհութիւն յայտնելով միաբանութեան տուած վկայութեան համար,  ընդգծած է երեք կարեւոր կէտեր համաշխարհային կրթական դաշնագիրի գործադրութեան ծիրէն ներս։ Կեդրոնացում, ընկալում եւ ներգրաւում։

Առաջին. կեդրոնացումը։ Նորին Սրբութիւն յորդորած է, որ միշտ կեդրոն պէտք է համարել անձը, անոր արժանիքը ու արժանապատւութիւնը, ի յայտ դնելու համար անձին իւրայատկութիւնը, գեղեցկութիւնը ու ուրիշներու հետ յարաբերելու կարողութիւնը։ Անձերն են որոնք կը կազմեն հասարակութիւնե,  եւ հասարակութիւնները կը կազմեն միակ մարդկութիւնը, որ կանչուած է ըլլալու ընտրեալ ժողովուրդը։

Այս կատարելուն համար պէտք  է նշած է Սրբազան հայրը գիտնալ ընկալել ու ունկնդրել ուրիշին, մանուկին ու երիտասարդին սորվեցնելով անոնց ուրիշներու հետ յարաբերելու կարողութիւնը եւ հասարակութեան մէջ գործելու կարողութիւնը։

Ներգրաւել։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշած է թէ ներգրաւել չի նշանակեր միայն ունկնդրել։ Անհրաժեշտ է ներգրաւել բոլոր անձերը, զանոնք քաջալերել գործօն կերպով աշխատելու կրթական գործին մէջ, իւրաքանչիւր անձ իր կարողութեան համաձայն։ Ներգրաւել կը նշանակէ գործել՝ մանուկներու եւ պատանիներու փոխանցելու համար ,աշխարհին քննադատական աչքերով նայելու կարողութիւնը, տնտեսական, քաղաքական, զարգացման հարցերը ըմբռնելու կարողութիւնը, առաջարկելով իսկական լուծումներ,՝մարդու, մարդկային, ընտանիքին ծառայութեան ի սպաս, համապարփակ բնապահպանողական հեռանկարներով։ Գրած է պատագամին մէջ Սրբազան Հայրը

Ան ապա պատգամը աւարտած է ապահովեցնելով իր աղօթքը ձեռնարկի մասնակցող բոլոր կրօնական հաստատութիւններուն եւ ներկայացուցիչներուն զանոնք յանձնելով Տիրոջ հովանիին, ապա Աստուծոյ օրհնութիւնները հայցելով բոլորին վրայ խնդրած է, որ աղօթեն իրեն համար

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2020, 11:21