Անունս փախստական չէ Անունս փախստական չէ 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Յիսուսեաններու գաղթականներու ի ծառայութիւն «Ազդալլի» կեդրոնին 40 ամեակին առիթով։

«Ձեր նուիրած Աստուծոյ սիրոյ վկայութիւնը՝ ծառայելով փախստականին եւ գաղթականին անհրաժեշտ է կառուցելու համար «հանդիպումի մշակոյթը», որ հիմք կը դնէ իսկական եւ երկարատեւ ու մնայուն զօրակցութեան ի նպաստ մարդկային ընտանիքի բարիքին:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր աշխարհի մէջ  շատ մարդիկ ստիպուած են կառչիլ նաւերու և լաստերու ՝ փորձելով ապաստան գտնել անարդարութեան, բռնութեան և պատերազմի վիրուսներէն»:

Այսպէս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Յիսուսեաններու գաղթականներու ի ծառայութիւն «Ազդալլի» կեդրոնին 40 ամեակին առիթով,  Յիսուսեաններու փախստականներու ծառայութեան միջազգային տնօրէն՝ Հայր Թոմաս Սնոլիշին ուղղած մէկ նամակին մէջ, ուր կը մատնանշէ  «ծառայութեան» հիմնադիր Աստուծոյ Ծառայ Հայր Փետրօ Արուփէին ու կը վստահեցնէ  իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը բոլոր այն մարդոց, կիներուն ու երախաներուն, որոնք կը դիմեն Յիսուսեան Միաբանութեան Փախստականներու Ծառայութեան այնտեղ գտնելով ապաստան եւ սփոփանք.

«Ձեր նուիրած Աստուծոյ սիրոյ վկայութիւնը՝ ծառայելով փախստականին եւ գաղթականին անհրաժեշտ  է կառուցելու համար «հանդիպումի մշակոյթը», որ հիմք կը դնէ  իսկական եւ երկարատեւ ու մնայուն զօրակցութեան ի նպաստ մարդկային ընտանիքի բարիքին (Fratelli Tutti, 30, 216, 217)» կը գրէ Սրբազան Պապը նամակին մէջ յոյս յայտնելով ու մաղթելով ՝որ ոչ մէկ խոչընդոտ կասեցնէ անոնց վեհանձն աշխատանքը, խթանելու համար մօտիկութեան եւ հանդիպումի մշակոյթը պաշտպանելով իրաւունքներն անոնց՝ որոնք իրենց կը դիմեն ամէն օր։

«Թոյլ տալ որ ապահով վայր փնտռող մարդիկը մեռնին առանց որեւէ բան ընելու, պտուղն է անտարբերութեան եւ մնացորդացի մշակոյթին», ըսաւ այս առթիւ Ազդալլի կերոնի տնօրէն՝ Հայր Քամիլլօ Ռիփամոնթի հաստատելով թէ 40 տարուայ գործունէութիւնը տօնախմբելը վերանորոգում է առօրեայի յանձնառութեան մօտիկ ըլլալու փախստականին «այն գիտակցութեամբ թէ կը գտնուինք արդարներու կողքին» ըսաւ Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2020, 12:13