Վիքթորիա նաւի ճամբորդութեան քարտէսը Վիքթորիա նաւի ճամբորդութեան քարտէսը 

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական ուղերձը, Չիլէի մէջ մատուցուած առաջին Սուրբ Պատարագին 5-րդ դարադարձին առիթով։

Սուրբ Պատարագը շնորհքի եւ սրբութեան աղբիւր է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Չիլէի Փունթա Արենաս թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Պերնարտօ Պասթերսին, Չիլիէի մէջ մատուցուած առաջին Սուրբ Պատարագին դարադարձին առիթով, որ տեղի ունեցած է 11 նոյեմբեր, 1520ին։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութեան շնորհաւորական ուղերձը կարդացուեցաւ,  Չիլիէ մէջ առաջին սուրբ Պատարագի 5-րդ դարադարձին  առթիւ, Փունթաս Արենա Թեմի եկեղեցւոյ մէջ  մատուցուած եւ ուղիղ սփռուած սուրբ Պատարագի ընթացքին որու նախագահեց, Թեմին եպիսկոպոս գերապայծառ Պերնարտօ Պասթրես Ֆիրէնցէ։

Շնորհաւորական ուղերձին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ իր ողջոյնները փոխանցեց ու շնորհաւորեց Գերապայծառ Պասթերսը, Չիլէի բոլոր եպիսկոպոսներն ու հաւատացեալները, Չիլէի մէջ մատուցուած առաջին սուրբ Պատարագի  5-րդ դարադարձին առիթով նշելով, որ 11 նոյեմբեր, 1520 թուականը պատմական է, ոչ միայն Փունթաս Արենաս թեմին համար, այլեւ համայն Չիլէի կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար։


Սրբազան Հայրը ապա ընդգծեց Սուրբ Պատարագի կարեւորութիւնը, յիշելց Վատիկանեան  Տիեզերական Բ ժողովի փաստաթուղթերէն մին,  ուր նշուած  է, որ Սուրբ Պատարագը շնորհքի եւ սրբութեան աղբիւր է։ 

Նորին Սրբութինը նշեց նաեւ, թէ Աստուած մուտք գործեց Չիլէէն ներս, հաւատքով մատուցուած առաջին սուրբ Պատարագին սկիզբէն ի վեր, ուր կառուցեց եկեղեցին, որ կը շարունակէ իր ուխտագնացութիւնը այդ սիրելի երկրին մէջ։


Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով, համաճարակի կանխարգիլման միջոցառումներուն բերումով,Չիլէի մէջ առաջն Սուրբ պատարագին 5-րդ դարադարձին առիթիւ  առցանց մատուցուած սուրբ Պատարագին նշեց , թէ չկայ ոչ մէկ խոչընդոտ, որ կրնայ արգելք հանդիսանալ Չիլէի հաւատացեալներուն, արտայայտելու համար իրենց երախտագիտութիւնը ու հաւատքով եւ յոյսով վերանորոգելու իրենց հաւատարմութիւնը Քրիստոսին, այն վստահութեամբ, որ Տէրը կը շարունակէ ընկերանալ անոնց պատմութեան՝ ապագային մէջ։


Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց հաւատացեալները ապրելու Սուրբ Պատարագի խորհուրդը, որ կը միացնէ Յիսուսին , եւ որովհետեւ սուրբ Պատարագը նոր կեանքի եւ միութեան սկզբունք է եւ կը մղէ աճելու եղբայրական  ծառայութեան մէջ, ի սպաս աղքատներուն, ընկերութեան մէջ մեկուսացեալներուն։

Շնորհաւորական ուղերձին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ հայցեց Քարմենի Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի Չիէլի հաւատացեալները շարունակեն վտահիլ Աստուծոյ ու կատարեն Անոր կամքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2020, 12:35