Յանուն  Խաղաղութեան և զարգացման՝ գիտութեան համաշխարհային օր: Յանուն Խաղաղութեան և զարգացման՝ գիտութեան համաշխարհային օր:  

«Գիտական յառաջադիմութիւնները լուսաւորուելու են հաւատքի լոյսով». Ֆրանչիսկոս Պապ

Յանուն Խաղաղութեան և զարգացման՝ գիտութեան համաշխարհային օր:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յանուն խաղաղութեան եւ զարգացման գիտութեան համաշխարհային օրը (World Science Day for Peace and Development) ամէն տարի կը նշուի նոյեմբերի 10-ին եւ նպատակ ունի աշխարհի մէջ բարձրացնել գիտութեան օգտակարութեան գիտակցութիւնը, ի բարօրութիւն մարդկային քաղաքակրթութեան ։

Օրուայ նպատակներէն են յանուն խաղաղութեան եւ զարգացման ազգային ու միջազգային պարտաւորութիւններու թարմացումը եւ գիտութեան պատասխանատու օգտագործումը ի նպաստ հանրութեան բարօրութեան, գիտութեան կարեւորութեան մասին տեղեկատուութեան մակարդակի բարձրացման եւ գիտութեան ու հանրութեան միջեւ անջրպետը վերացնելու համար։

Օրուան առթիւ իր հրապարակած  թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտելով մարդ անհատի կեդրոնականութիւնը կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Ընկերութիւնը կը հարստանայ գիտութեան ու հաւատքի միջեւ երկխօսութեամբ, որ մտքի նոր հորիզոններ կը բանայ։ Գիտական յառաջադիմութիւնները լուսաւորուելու են հաւատքի լոյսով, որպէսզի յարգեն մարդ անհատի կեդրոնականութիւնը. #WorldScienceDay»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2020, 13:30