Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը. Սաղմոսերգուն:

Իւրաքանչիւր ցաւ կը պահանջէ ազատութիւն, ամէն մէկ արցունք կը հայցէ մխիթարութիւն, իւրաքանչիւր վէրք կը սպասէ ապաքինումին եւ ամէն մէկ զրպարտութիւն կը սպասէ արդարացման դատավճիռին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ բոլորովին պիտի մոռնաս զիս Մինչեւ ե՞րբ քու երեսդ ինձմէ պիտի ծածկես։ Մինչեւ ե՞րբ մտքիս մէջ հոգեր պիտի ունենամ, Ամէն օր սրտիս մէջ տրտմութիւն ունենալով. Մինչեւ ե՞րբ թշնամիս իմ վրաս պիտի բարձրանայ։….Ես քու ողորմութեանդ յուսացի, Իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ։ Պիտի երգեմ Տիրոջը, Վասն զի ինծի բարերարութիւն ըրաւ

Սաղմոսերգուի գիրգէն քաղուած (13,2-3.6) սոյն տողերը առանցքը կազմեցին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 14 հոկտեմբեր 2020-ի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր ան ներկայացուց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս շարունակելով աղօթքի մասին խորհրդածութիւններու շարքը։

Հին կտակարանի մէջ Սաղմոսներու գիրքը  մաս կը կազմէ իմաստութեան գիրքերուն, որովհետեւ կը հաղորդէ «աղօթել գիտնալ»  Աստուծոյ հետ երկխօսութեան փորձառութեան ընդմէջէն։ Սաղմոսներուն մէջ կը գտնենք մարդկային բոլոր զգացումները, ուրախութիւնները, ցաւերը, կասկածները, յոյսերը,  դառնութիւնները, որոնք գոյն կու տան մեր կեանքին։

Սաղմոսներու գիրքը կարդալով մենք կը սորվինք աղօթքի լեզուն։  Հայր Աստուած իր Հոգիի միջոցաւ ներշնչեց զանոնք Դաւիթ Թագաւորի եւ այլ աղօթքի մարդոց սրտին, որպէսզի ամէն մէկ մարդու ու կնոջ սորվեցնեն ինչպէս փառաբանել Աստուած, գոհութիւն յայտնել, աղերսել եւ Անոր դիմել ուրախութեան եւ ցաւին մէջ, ինչպէս պատմել Անոր գործերուն սքանչելիքները։ Համառօտ կերպով Սաղմոսները Աստուծոյ խօսքն են, զոր մենք մարդ էակներս կը գործածենք իր հետ խօսելու համար։

Անոնք աղաղակներ են, յաճախ ողբերգական, որոնք կը բխին կեանքի սիրտէն: Զանոնք աղօթելու համար բաւական է ըլլալ այն, ինչ մենք ենք: Անոնք մեր  տառապանքը  կը վերածեն հհարցադրանքի։

Եւ բազմաթիւ հարցումներուն մէջ կայ հարցում մը՝ որ կը մնայ կախուած որպէս շարունակական աղաղակ մը որ կ՛անցնի գիրքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը. «Մինչեւ ե՞րբ»։

Իւրաքանչիւր ցաւ  կը պահանջէ ազատութիւն, ամէն մէկ արցունք կը հայցէ մխիթարութիւն, իւրաքանչիւր վէրք կը սպասէ ապաքինումին եւ ամէն մէկ զրպարտութիւն կը սպասէ արդարացման դատավճիռին։

Այն որ կ՛աղօթէ գիտէ թէ ինք թանկարժէք է Աստուծոյ աչքերուն, որուն համար լացը իմաստ ունի։ Սաղմոսներու աղօթքը այդ լացին վկայութիւնն է։ Ան որ սաղմոսները կ՛աղօթէ Աստուծմէ կը հայցէ, որ միջամտէ այնտեղ ուր բոլոր մարդկային ջանքերը ապարդիւն են։  Ահա թէ ինչու աղօթքը ինքնիր մէջ փրկութեան ուղի է եւ փրկութեան սկիզբը։

Բոլորն ալ կը տառապին այս աշխարհին վրայ, ըլլան անոնք՝ որոնք կը հաւատան Աստուծոյ, ըլլան անոնք՝ որոնք զայն կը մերժեն։

Բայց սաղմոսերգուին մէջ  ցաւերը կը դառնան յարաբերութիւն, օգնութեան աղաղակ մը, որ կը սպասէ լսուիլ ուշադիր ականջէ մը։ Եւ այդ աղաղակը չի կարող մնալ առանց իմաստի, առանց նպատակի։

Աստուծոյ աչքերուն համար բոլոր մարդոց ցաւերը սուրբ են։ «Իմ թափառական պտըտիլս համրեցիր, Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր։ Միթէ անոնք քու գրքիդ մէջ գրուած չե՞ն» կ՛ըսէ սաղմոսերգուն 56րդ սաղմոսին մէջ։ Աստուծոյ առջեւ մենք անծանօթներ կամ թիւեր չենք։ Մենք դիմագիծեր եւ սրտեր ենք, ճանչցուած մէկիկ, մէկիկ, իւրաքանչիւրը իր անունով։

Սաղմոսներուն մէջ հաւատացեալը կը գնտէ պատասխան մը։ Ան գիտէ թէ եթէ նոյնիսկ մարդկային բոլոր դռները փակ ըլլան Աստուծոյ դուռը միշտ բաց է։   Եթէ նոյնիսկ համայն աշխարհը դատապարտական վճիռ արձակած ըլլայ Աստուծոյ մէջ փրկութիւն կայ։

Աստուած արդարեւ մտիկ կ՛ընէ, եւ աղօթքի մէջ բաւարար է գիտնալ այս մէկը։

Այն որ կ՛աղօթէ լաւապէս գիտէ թէ կեանքին մէջ հարցերը շատ անգամ կը մնան առանց լուծումի, թէ տառապանքը մեզի պիտի ընկերանայ եւ հազիւ ճակատամարտ մը յաղթենք մեզ կը սպասեն այլ ճակատամարտեր։ Բայց երբ գիտենք թէ մեր ձայնը լսուած է, ամէն ինչ աւելի տանելի կը դառնայ։

Ամենավատ բանը, որ կարող է պատահիլ, լքումի մէջ տառապանքը ապրիլն է, առանց որ յիշուած ըլլանք։ Աղօթքը մեզ կը փրկէ այս մէկէն։

Քանի որ կարող է պատահիլ, և նոյնիսկ յաճախ, որ մենք չենք հասկնար Աստծոյ ծրագիրը, բայց մեր աղաղակները չեն լճանար, անոնք կը  բարձրանան Անոր մօտ, որ ունի  Հօր սիրտ մը եւ Ինք եւս կու լայ իւրաքանչիւր տառապող եւ մահացող զաւկի համար։

Եթէ ​​մենք յարաբերութեան մէջ մնանք Անոր հետ, կեանքը մեզ չի խնայեր տառապանքներէն, բայց կը բացուի բարութեան՝ մեծ հորիզոնի մը եւ կ՛ընթանայ դէպի անոր կատարումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2020, 09:24