Բոլորս եղբայրներ Բոլորս եղբայրներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 6 հոկտեմբերի թուիթները «բոլորս եղբայրներ»։

Որպէս մէկ մարդկայնութիւն, որպէս ճանապարհորդներ կազմուած նոյն մարդկային մարմնէն, որպէս զաւակները այս երկրին որ կը հիւրընկալէ մեզ բոլորս, ամէն մին իր հաւատքի եւ իր համոզումներու հարստութեամբ, ամէն մին իր ձայնով, բոլորս եղբայրներ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Մեծապէս կը փափաքիմ որ մեզի տրուած կեանքի այս ժամանակի ընթացքին, ճանչնալով իւրաքանչիւր մարդ անհատի արժանապատուութիւնը, բոլորին միջեւ վերակենդանացնենք եղբայրութեան համաշխարհային ձգտում մը։#FratelliTutti» այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 6 հոկտեմբեր 2020-ին հրապարակած առաջին թուիթին պարունակութիւնը ուր ան կը վերակոչէ երկու օրեր առաջ հրապարակուած «Fratelli tutti» վերտառութեամբ իր քահանայապետութեան երրորդ շրջաբերականը որուն ստորագրութիւնը կատարեց Ասսիզիի մէջ 3 հոկտեմբերի Ասսիզացի սուրբ Ֆրանչիսկոսի դամբանին մօտ։

Աւելի ուշ հրապարակած այլ թուիթի մը մէջ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց «երազել, որպէս մէկ մարդկայնութիւն, որպէս ճանապարհորդներ կազմուած նոյն մարդկային մարմնէն, որպէս զաւակները այս երկրին որ կը հիւրընկալէ մեզ բոլորս, ամէն մին իր հաւատքի եւ իր համոզումներու հարստութեամբ, ամէն մին իր ձայնով, բոլորս եղբայրներ։#FratelliTutti»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2020, 14:00