Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մի՛ ապրիր և  մի՛ աղօթեր այնպէս, կարծես Աստուած և աղքատները գոյութիւն չունին։»

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկդնրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն, ներկայութեամբ հազարաւոր հաւատացեալներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Նախ քան հրապարակային ունկնդրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ որ չկրնար ուխտաւորները ողջունել անոնց ընդմէջէն անցնելով, որովհետեւ ամէն անգամ որ հաւատացեալներուն մօտենայ, բոլորը միասին իրեն կը մօտենան եւ կը մոռնան յարգել ժահրէն չվարակուելու համար ընկերային հեռաւորութիւնը։ Սակայն ըսաւ սրբազան Հայրը «գիտցէք որ սիրտով ձեզի մօտիկ եմ։» 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով դահլիճին մէջ մանուկի մը լացին, խնդրեց որ չդադրեցնեն մանուկին լացը նաեւ եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ անոր ձայնը կը գրաւէ Աստուծոյ քնքշութիւնը մեր վրայ եւ մեր հետ։

Շարունակելով սաղմոսագիրքին քրիստոնէական վարդապետութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապ  այս անգամ շեշտը դրաւ աղօթքի կարեւորութեան վրայ յայտնելով նաեւ, որ այսօր կ՝աւարտէ սաղմոսագիրքի քրիստոնէական վարդապետութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ սաղմոսագիրքին մէջ աղօթքը ներկայացուած իբրեւ կեանքի հիմնական իրականութիւն, որ մարդ էակին փրկութիւնն է։ Ան ապա նկատել տուաւ, որ կայ կեղծ աղօթք՝ կատարուած լոկ ուրիշին ուշադրութիւնը գրաւելու համար, որմէ Յիսուս խիստ օրէն նախազգուշացուցած է։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  դիտել տալով, որ երբ աղօթքի իսկական հոգին կ՝ընդունուի անկեղծութեամբ եւ կ՝իջնէ սիրտին մէջ այն ժամանակ աղօթքը թոյլ կու տայ, Աստուծոյ աչքերով խորհիլ իրականութեան վրայ։ 

Սրբազան Պապը նշեց ,թէ ամենավատ ծառայութիւնը, որ կրնանք մատուցել Աստուծոյ եւ մարդուն այն է  յոգնած, ու սովորական ձեւով աղօթելն է ։ Ան շեշտեց,  որ աղօթքը կեանքին կեդրոնն է։ Երբ կ՝աղօթենք, կարեւորութիւն կը ստանան նաեւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը։  Այս առնչութեամբ,  Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերեց առաջին քրիստոնեայ վանականներէն ասացուածք մը։ «Երանի այն վանականին, որ Աստուծմէ ետք, բոլոր մարդիկը կը համարէ իբրեւ Աստուած։  ըսաւ Նորին Սրբութիւն ու աւելուց,  «ով որ Աստուած կը պաշտէ, անոր զաւակները կը սիրէ։ Ով որ Աստուած կը յարգէ բոլոր մարդ էակները կը յարգէ ու  ասոր համար  աղօթքը հանգստացնող միջոց  մը չէ կեանքի անձկութիւնները  մեղմացնելու համար։ Աղօթքը մեզ պատասխանատու կը դարձնէ որուն մասին յստակօրէն կը տեսնենք , հայր մեր աղօթքին մէջ ,որ Յիսուս  սորվեցուց իր աշակերտներուն։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան ապա Սաղմոսագիրքը ներկայացնելով աղօթքի մեծ դպրոց մը յարեց, թէ սաղմոսագիրքի աղօթքիբազմաձեւ արտայայտութիւնները յառաջացած են տաճարի ծիսակատարութիւններէն ապա  մարդու սիրտէն։ 

Սաղմոսներուն մէջ կ՝արձագանգուի աստուածային փրկութեան խոստումը տկարներուն։ Սաղմոսները կը զգուշացնեն աշխարհի հարստութեան վտանգներէն, կամ ալ Աստուծոյ հայեացքին հորիզոնը կը բանան պատմութեան վրայ։ըսաւ Նորին Սրբութիւն նկատել տալով, « ուր Աստուած կայ, հոն կայ նաեւ մարդը, որուն մասին Սուրբ գիրքը շատ յստակ է։

Սրբազան Հայրը նշեց թէ «մենք կը սիրենք որովհետեւ, Ան նախ մեզ սիրեց։ Եթէ մէկը կ՝ըսէ ես Աստուած կը սիրեմ եւ եղբայրը կ՝ատէ անիկա ստախօս է։ Արդարեւ ան որ չսիրեր իր եղբայրը, որ կը տեսնէ, չկրնար Աստուած սիրել որ չտեսներ։ Այս է պատուիրանը որ ստացանք Յիսուսէն։ Ով որ Աստուած կը սիրէ, կը սիրրէ նաեւ իր եղբայրը։

Նորին Սրբութիւն եզրափակեց հրապարկային ունկնդրութիւնը նշելով որ »Աստուած չընդունիր անաստուածութիւնը,  անոր, որ կը ժխտէ աստուածային պատկերը դրոշմուած իւրաքանչիւր մարդ էակին մէջ։ Ժխտումը սրբապղծութիւն է, գարշելի է, ամենավատ նախատինք տաճարի եւ խորանին նկատամամբ։ 

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր սաղմոսագիրքին աղօթքը, թող օգնէ մեզի չ՝իյնալու ամբարիշտի փորձութեան մէջ, որուն համար,  կարծես Աստուած եւ աղքատները գոյութիւն չունին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2020, 10:50