Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի մասնակցի Խաղաղութեան աղօթքի հանդիպումին։

«Ոչ մէկը կը փրկուի առանձին – Խաղաղութիւն եւ Եղբայրութիւն» բնաբանով հանդիպումը կազմակերպուած է Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի յայտարարեց թէ յառաջիկայ 20 հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ըստ Քահանայապետական Տան Կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, ներկայ պիտի գտնուի Ասսիզիի հոգիով Խաղաղութեան Աղօթքի հանդիպումին, որուն բնաբանն է «Ոչ մէկը կը փրկուի առանձին – Խաղաղութիւն եւ Եղբայրութիւն» եւ որ կազմակերպուած է Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ։

Սրբազան Պապը նախ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Santa Maria in Aracoeli Պազիլիքայի մէջ նախատեսուած համամիութենական աղօթքին, այլ քրիստոնեայ դաւանանքներու հետ միասին հուսկ Հռոմի քաղաքապետարանի «Փիացցա Տէլ Քամփիտոլիոյի» հրապարակին վրայ նախատեսուած աշխարհի մեծ կրօններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ յատուկ արարողութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2020, 14:44