Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Արգիլել վաճառականներու շահարկումները մարդկութեան տաճարէն ներս»։

«Երբեմն, հարստութիւն կուտակելու համար, ուշադրութիւն չենք ըներ անոր ծագումին, քիչ թէ շատ անոր ծագումին օրինական գործողութիւններուն ու շահագործման տրամաբանութիւններուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Եւորպայի խորհուրդի յանձնաժողովի խումբ մը մասնագէտներ,որոնք Վատիկան ժամանած են կատարելու համար  դրամի լուացման եւ ահաբեկչութեան ֆինասաւորման դէմ ուղղուած միջոցառումներուն հերթական գնահատումը։  
 
Նշեալ յանձնաժողովին անդամներուն յղած ողոյնին խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց անոնց աշխատանքը ըսելով  ձեր կատարած աշխատանքը յատուկէն սիրտիս խօսող աշխատանք է,  որ ուղղուած  է մաքուր ֆինանսաւորումի պաշտպանութեան, որուն ծիրէն ներս  կը կանխուի վաճառականներու,  այդ սուրբ տաճարի շահարկումը, որ մարդկութիւնn է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Ան ապա յիշեց թէ Վատիկանի օրէնսդրութիւնը, վերջերս նաեւ ձեռնարկած է որոշ միջոցներ, դրամի կառավարման, թափանցիկութեան եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումի դէմ պայքարելու վերաբերեալ։

Նորին Սրբութինը  յոյս յայտնեց որ ֆինասները չնճշեն կարիքաւորներուն եւ տկարներուն վրան, ընդգծելով դրամի հետ մեր յարաբերութիւններուն վերանայելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ  ըսաւ Սրբազան Հայր որոշ պարագաներուն մէջ կը թուի, թէ ընդունուած է դրամի գերիշխանութիւնը մարդուն վրայ։

«Երբեմն, հարստութիւն կուտակելու համար, ուշադրութիւն չենք ըներ անոր  ծագումին, քիչ թէ շատ անոր ծագումին օրինական գործողութիւններուն ու շահագործման տրամաբանութիւններուն: Այսպիսով, կը պատահի , թէ որոշ տարածքներու մէջ  կը դպչինք դրամին  և մը ձեռքերը  կը կեղտոտենք արիւնով , մեր եղբայրներու արիւնով:
Կամ ալ դարձեալ կը պատահի, որ ֆինանսական հարստութիւնները նպատակաուղղուած են սարսափ սերմանելու ու  պարտադրելու ամենահեղինակաւորին, ամենուժեղին գերիշխանութիւնը, որոնք կը զոհաբերեն իրեցն եղբօր կեանքը՝ իրենց ուժը պարտադրելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ, առաջարկեց ռազմական ծախսերու եւ զէնքերու տրամադրուած գումարներով կազմել համաշխարհային հիմնարկ մը օգնելու համար աղքատներու,  անօթիներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց իր պատգամը նշելով որ Յիսուս վաճառականները վտարեց տաճարէն,   ըսելու համար թէ չէ կարելի ծառայել Աստուծոյ եւ հարստութեան։ (Մատթ 6,24).

“Երբ տնտեսականութիւնը կը կորսնցնէ իր մարդկային դիմագիծը, դրամը կը դադրի մեզի ծառայելէ  ու մենք կը դառնանք  դրամին ծառայողները։» Ըսաւ Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2020, 12:45