Cenacolo աղքատներու, գաղթականներուն կեդրոնը Cenacolo աղքատներու, գաղթականներուն կեդրոնը 

Ֆրանչիսկոս Պապ կը շարունակէ հոգալ աղքատներուն կարիքները։  

Ֆրանչիսկոս Պապ Cenacolo” անուան բարեսիրական կեդրոնին ուղարկեց նիւթական օգնութիւն եւ սննթամթերք։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, հոկտեմբեր, 16ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը առաքելական որղորմնաբաշխին միջոցաւ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց, Իտալիոյ Քալապրիա քաղաքին մէջ ապրող չքաւորներուն, գաղթականներուն համար։

Ունկնդրէ լուրը

Քալապրիա մարզի, Ճոյա Թաուրօ քաղաքին մէջ երկու տասնեակ տարիներէ ի վեր կը գործէ «Il Cenacolo» անուան բարեսիրական կեդրոնը յատուկէն զբաղելով անօրէն կերպով Իտալիա մուտք գործած գաղթականներով։  

Առաքելական ողորմնաբաշխ, կարդինալ Քոնրատ Քրաժսեսլի, նշեալ բարեսիրական կեդրոնին, Սրբազան Քահանայապետի անունով փոխանցեց, սննդամթերք, նիւթական օգնութիւն, վարդարաններ ապա Frattelli Tutti վերջին շրջաբերականէն օրինակներ կեդրոնի կամաւորներուն։

Նորին Սրբութեան ուղարկած պարգեւները ստացաւ Հայր Կաուտիօզօ Մերքուրին, «Վարափոտիօ»ի ժողովրդապետը, որ իր կարգին փոխանցեց «Il Cenacolo» կեդրոնին, ուր ոչ միայն կ՝ապրին Ափրիկեցի գաղթականներ այլեւ աղքատ Իտալացիներ, անգործ մնացած ընտանիքի հայրեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2020, 08:30