Դրամ Դրամ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Cassa Depositi e Prestiti» հաստատութեան պատասխանատուներն ու անձնակազմը։

Քրիստոնէական միտքը չհակասեր շահոյթի հեռանկարով սկզբունքներուն, այլ կը հակասէ որեւէ գնով ցանկացած, շահոյթին, որ կը մոռնայ մարդ արարածը եւ զայն կը դարձնէ ստրուկ՝ արարկաներու ներքոյ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 5-ին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց Cassa Depositi e Prestiti դրամատան պատասխանատուներն ու անձնակազմը, հաստատութեան հիմնադրութեան 170 րդ ամեակի առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Ներկաներուն ուղղած ողջոյնին խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ հաստատութեան հիմնադրութեան կէտնպատակներուն, որ նախապէս հիմնուած էր, որպէս տեղական դրամատուն ապա ազգային քաղաքական միութեան բերումով դարձած է մարզային հաստատութիւն, նպատակ ունենալով  օգնել վարկերու եւ աջակցութեան  պէտք ունեցող հաստատութիւններուն, ըսաւ Նորին Սրբութիւն աւեցնելով այսօր եւս  կարիքը կայ հաստատութեան վեհանձն յանձնառումին, տրուած ըլլալո որ ընկերային եւ տնտեսական ոլորտէն ներս համաճարակէ յառաջացած մարտահրաւէրները բազմաթիւ են  ու արտադրողական ու առեւտուրին ձեւերը  ծանր փոփոխութիւններու ենթարկուած են ։

Ֆրանչիկսոս Պապ  ընդգծեց, թէ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը համաձայն է այն տեսլականին հետ, ուր առաւել թիւով ներդրողներ կ՝ակնկալեն արդարաձի վարձատրութիւն իրենց կուտակած հարուստութիւններէն, որպէսզի զանոնք ուղղեն ընկերային եւ հաւաքական զարգացման ծրագիրներուն ֆինասաւորման։

Նորին Սրբութիւն նշեց ,թէ Քրիստոնէական միտքը չհակասեր շահոյթի հեռանկարով սկզբունքներուն, այլ կը հակասէ որեւէ գնով ցանկացած, շահոյթին, որ կը մոռնայ մարդ արարածը  եւ զայն կը դարձնէ ստրուկ՝ արարկաներու ներքոյ։

«Գործերու կառավարումը միշտ բոլորէն կը պահանջէ արդար եւ յստակ վարք, որ հեռու  էկաշառակերութենէն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով ներկաները, որ իրենց պարտականութիւնները կատարեն գիտնալով զատորոշել չարը բարիէն, բծախնդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհաւորելով հասատութեան հիմնադրութեան տարեդարձը, քաջալերեց հաստատութեան անդամները շարունակելու իրենց վեհանձն  գործերը։ Ան  ապա հայցելով սուրբ Հոգգին հուվանին դառնալու համար արադարութեան եւ խաղաղութեան կառուցողները, Ֆրանչիսկոս Պապ փոխանցեց իր առաքելական օրհնութիւնը, խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2020, 10:59