Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ "Zayed Award for Human Fraternity" կոմիտէսի անդմաներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ "Zayed Award for Human Fraternity" կոմիտէսի անդմաներուն հետ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ "Zayed Award for Human Fraternity" կոմիտէսի անդմաներուն հետ։

Մրցանակը կը կրէ Արաբական միացեալ Էմիրութիւններու հիմնադիր Շէյխ Զայետ պին Սուլթան Ալ Նահյանի անունը որ յատկանշուեցաւ իր հեզութեան արժէքներով
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 23 հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց նաեւ "Zayed Award for Human Fraternity" կոմիտէի անդամներուն։

«Մարդկային Եղբայրութեան Zayed» մրցանակը ստեղծուած է 2019-ին,  որուն առաջին մրցանակակիրները հանդիսացան Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Ալ Ազհարի աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպը, Ապու Տապիի մէջ անոնց ստորագրած «Եղբայրութեան Փաստաթուղթին» համար։ Մրցանակը այժմ կը դառնայ հանրային ու առաջին անգամն ըլլալով դռները կը բանայ նոր թեկնածուներու առջեւ,  որոնք  պէտք է «խորապէս յանձնառու ըլլան այնպիսի ձեռնարկներու մէջ, որոնք անհատները կը համախմբեն ու կը խթանեն խաղաղ համակեցութիւնը»։

Մրցանակակիրներուն անունները պիտի յայտարարուին յառաջիկայ 4 փետրուար 2021-ին ու անոնց որպէս պարգեւ պիտի շնորհուի մէկ միլիոն տոլար ։

Մրցանակը կը կրէ Արաբական միացեալ Էմիրութիւններու հիմնադիր Շէյխ Զայետ պին Սուլթան Ալ Նահյանի անունը որ յատկանշուեցաւ իր հեզութեան արժէքներով։ Մրցանակի թեկնածուներու քննիչ յանձնախումբի  անդամներն են. Կեդրոնական Ափրիկէի նախկին նախագահ Քաթըրին Սամպա Փանզա, Ինտոնեզիայի նախկին փոխ նախագահ՝ Մուհամմատ Եուսուֆ Քալլա, Գանատայի 27-րդ ընդհանուր կառավարիչ Միքայել Ժան եւ Առաքելական Գերագոյն Դատարանի կառավարիչ՝ Կարդինալ Տոմինիք Մամպերթի եւ ի վերջոյ ՄԱԿ-ի ցեղասպանութիւններու կանխարգիլումի գրասենեակի յատուկ խորհրդատու՝ Ատամ Տիենկ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2020, 12:15