Հեշտամահը Հեշտամահը 

«Հեշտամահը կեանքի դէմ ոճիր է. Անբուժելի չի նշանակեր անխնամելի»

“Samaritanus bonus”, Քահանայապետէն վաւերացուած Հաւատոյ ժողովի նամակը կը վերահաստատէ դատապարտումը՝ ամէն տեսակ օժանդակուած անձնասպանութեան։ Թիկունք կանգնիլ ընտանիքներուն եւ առողջապահական գործիչներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Անբուժելի երբեք հոմանիշ չէ անխնամելիի»։ Անոնք որոնք մահացու հիւանդ են, իրաւունք ունին ընկալուելու, խնամուելու եւ սիրուելու։ Այս կը հաստատէ  “Samaritanus bonus”ը, Քահանայապետի կողմէ վաւերացուած  Հաւատոյ դաւանանքի ժողովին «կենաքի վերջին հանգրուանի մէջ գտնուող մարդոց խնամքին հայող» նամակը,  որուն նպատակն է գործնական ցուցմունքներ տալ ի գործ դնելու համար Բարի Սամարացիին պատգամը։

Նոյնիսկ երբ «բուժումը անկարելի եւ անհաւանական է, բժշկական - հիւանդապահական, հոգեբանական և հոգևոր ուղեկցութիւնը կը մնայ  անխուսափելի պարտականութիւն»։

Անբուժելի սակայն ոչ երբեք անխնամելի

«Բուժել՝ կարելիութեան պարագային, խնամք տանիլ միշտ»։ Յովհաննէս Պօղոս Բ ի այս խօսքերը կը բացատրեն թէ անբուժելին երբեք անխնամելիի հոմանիշը չէ։  Խնամքը մինչեւ վերջ, հիւանդին հետ մնալը, անոր ընկերանալ ունկնդրութեամբ, զինք զգալ տալով որ սիրուած է, խուսափեցնել կու տայ միայնակութենէն, ցաւի եւ մահուան վախէն։  Համայն փաստաթուղթը կեդրոնացած է ցաւի ու տառապանքի իմաստին վրայ, Աւետարանի եւ Յիսուսի զոհաբերումին լոյսին ներքոյ։

Կեանքի անձեռնմխելի արժէքը

«Կեանքի անձեռնմխելի արժէքը բնական բարոյական օրէնքի հիմնական ճշմարտութիւնն է և իրաւական կարգի էական հիմքը», նշուած է նամակին մէջ։ «Կարելի չէ ընտրել ուղղակիօրէն սպառնալ մարդ էակի մը կեանքին, նոյնիսկ եթէ ինք կը խնդրէ այդ մէկը»։ «Վիժումը, հեշտամահը, եւ նոյնինքն ինքնակամ անձնասպանութիւնը կը խաթարեն մարդկային քաղաքակրթութիւնը» եւ «մեծապէս կը վնասեն Արարիչի պատիւը»։

Խոչընդոտներ  որոնք կը մթագնեն կեանքի սրբազան արժէքը։

Փաստաթուղթին մէջ նշուած են  որոշ գործօններ, որոնք կը սահմանափակեն  կեանքի արժէքը ըմբռնելու ունակութիւնը, ինչպէս ՝ կեանքը «արժանի» համարել միայն որոշ հոգեբանական կամ ֆիզիկական յատկութիւններու առկայութեան դէպքին:

Խոչընդոտ մըն է նաեւ «կարեկցութեան » սխալ ընկալումը։ Իսկական կարեկցանքը իրականութեան մէջ «չի կայանար մահ պատճառելու մէջ», այլ հիւանդը դիմաւորելու և անոր աջակցելու մէջ՝ սիրով եւ միջոցներով, մեղմելու համար անոր  տառապանքները: Մէկ այլ խոչընդոտ է նաեւ աճող անհատականութիւնը, որը կը տանի առանձնութեան։

Եկեղեցւոյ Վարդապետութիւնը։

Վերջնական ուսուցում մըն է թէ «հեշտամահը մարդկային կեանքի դէմ ոճիր» մըն է,  եւ ամէն պարագաներու մէջ «ըստ էութեան չար արարք»: Ամէն մէկ պաշտօնական կամ անմիջական նիւթական համագործակցութիւն ծանր մեղք է մարդկային կեանքի դէմ, զոր ոչ մէկ իշխանութիւն կարող  է «օրինականօրէն» պարտադրել կամ թոյլատրել:

Անոնք որոնք օրէնքներ կը վաւերացնեն հեշտամահի մասին, «կը դառնան մեղսակից» ու «գայթակղութեան մեղաւորներ», որովհետեւ այս օրէնքները կը սատարեն խեղաթիւրելու խիղճերը։ Հեշտամահի արարքը կը մնայ անընդունելի նոյնիսկ երբ  յուսալքումը եւ անձկութիւնը կարող են նուազեցնել եւ  մինչեւ իսկ  անհեթեթ դարձնել զայն խնդրողներուն անձնական պատասխանատուութիւնը։

Ոչ դարմանական կատաղութեան

Փաստաթուղթը կը  բացատրէ, որ «մեռնելու արժանապատուութիւնը պաշտպանելը» կը նշանակէ նաև բացառել դարմանական կատաղութիւնը: Հետևաբար, անխուսափելի մահուան մօտիկութեան պարագային «օրինական է որոշում կայացնել հրաժարելու այնպիսի բուժական համակարգերէ, որոնք կը հանգին միայն կեանքի  անկայուն և ցաւալի երկարացումին», առանց սակայն ընդհատելու հիւանդի բնականոն խնամքը: Պարտականութիւն է ապահովել սնունդն ու ջրատութիւն։ Ամոքիչ խնամքը «թանկարժէք և անփոխարինելի գործիք» է հիւանդին ընկերանալու համար։ Ամոքիչ խնամքի շարքին, ուր կարելի չէ երբեք ներառել հեշտամահի կարելիութիւնը, նամակը կը ներառէ նաեւ հիւանդին ու անոր ընտանեկան պարագաներուն համար հոգեւոր հոգատարութիւնը։

Օգնել ընտանիքներուն։

Խնամքի ընթացքին հիմնական է  որ հիւանդը ինքզինք ծանրութիւն չի զգայ, այլ ունենայ «իր սիրելիներուն մօտիկութիւնն ու գնահատանքը։ Այդ առաքելութեան մէջ ընտանիքը կարիքը ունի օգնութեան եւ պատշաճ միջոցներու»։ Հարկաւոր է որ Պետութիւնները «ճանչնան ընտանիքի առաջնային ու հիմնական ընկերային գործառոյթը եւ անոր անփոխարինելի դերը, այս ոլորտէն ներս նաեւ, անոր թիկունք կանգնելու համար,  տրամադրելով անհրաժեշտ կենսամիջոցներ եւ կառոյցներ

Նախածննդեան եւ մանկաբուժական խնամք

Յղիութեան պահէն սկսեալ, վատակազմ եւ ախտաբանութեամբ երախաները պէտք է խնամուին  «կեանքը յարգող եղանակով»:«Նախածննդեան ախտաբանութեան պարագային որոնք վստահաբար կը տանին մօտալուտ մահուն» եւ այդ մանուկներու առողջական պայմանները լաւացնող դարմանագիտութեան բացակայութեան պարագային, «անոնք ոչ մի ձեւով պէտք է լքումի մատնուին, բարեկեցութեան գետնի վրայ, այլ հարկաւոր է անոնց ուղեկցիլ» մինչեւ բնական մահ։Կը դատապարտուի  «Նախածննդեան ախտորոշման երբեմն մտահալածական օգտագործումը» և հաշմանդամութեան թշնամի մշակոյթի մը առաջացումը. Վիժումը փաստօրէն «երբեք օրինական չէ»:

Խոր ամոքում

Ցաւերը թեթեւցնելու համար կ՛օգտագործուին թմրանիւթեր, որոնք կարող են  առաջացնել գիտակցութեան վերացում։ Եկեղեցին կը հաստատէ «Ամոքումի օրինականութիւնը» որպէսզի «կեանքի վերջը հասնի հնարաւորինս մեծ խաղաղութեան մէջ»:Սա ճիշտ է նաև այն դարմաններու պարագային, որոնք «կը մօտեցնեն մահուան ժամանակը - (խոր ամոքիչ հանգստացում աւարտական փուլի ընթացքին)»: Բայց ամոքումը անընդունելի է, եթէ ան կ՛իրականացուի  «ուղղակիօրէն և դիտաւորեալ մահ պատճառելու համար»:

Բուսական վիճակ

Նաեւ գիտակցութեան պակասի իրավիճակի պարագային, հիւանդը «պէտք է ճանչցուի իր արժէքով եւ խնամուի պատշաճ դարմանումով», իրաւունք ունի սնունդի եւ ջրատութեան։ Կարող են սակայն ծագիլ պարագաներ ուր «այս միջոցները կը դառնան անհամաչափ», որովհետեւ  այլևս արդիւնաւէտ չեն, կամ որովհետև անոնց կառավարման միջոցները աւելորդ ծանրութիւն կը ստեղծեն: Փաստաթղթին մէջ կը նշուի, որ անհրաժեշտ է «ընտանիքի անդամներուն տրամադրել համարժէք աջակցութիւն, բուսական վիճակի մէջ գտնուող հիւանդ մարդոց օգնութեան երկարատև բեռը կրելու գործին մէջ»:

Խղճի ընդդիմութիւն

Նամակը՝ տեղական եկեղեցիներէն  կը խնդրէ յստակ կեցուածք եւ կը հրաւիրէ կաթողիկէ առողջապահական իշխանութիւնները իրենց վկայութիւնը տալու։ Հեշտամահը վաւերացնող օրէնքները փաստօրէն կը յառաջացնեն  « յստակ պարտաճանաչ մերժումի պարտաւորութիւն»  խղճի ընդդիմութեամբ։Կարևոր է, որ բժիշկները և առողջապահական գործիչները վերակազմաւորուին մահամերձներու քրիստոնէական ուղեկցութեան:

 Ինչ կը վերաբերի  հեշտամահը հայցողներու  հոգևոր առաջնորդութեան, ապա «անհրաժեշտ է այնպիսի մօտիկութիւն, որը միշտ հրաւէր ըլլայ դարձի գալու», բայց «անընդունելի է որևէ արտաքին ժեստ, որը կարող է մեկնաբանուիլ  որպէս հավանութիւն», ինչպէս օրինակ ՝ ներկայ գտնուիլ այն ժամանակ, երբ այդ մէկը կը կիրարկուի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2020, 11:30