Միասին վազենք բարեսիրական ձեռնարկ Միասին վազենք բարեսիրական ձեռնարկ 

Ֆրանչիսկոս Պապ .«Աստուծոյ օգնութեամբ միասին վազենք մարդկային արժանապատուութեան եւ եղբայրութեան համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը միասին վազենք բարեսիրական ձեռնարկի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, սեպտեմբեր, 4-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց հաշմանդամութիւն ունեցող մարզիկներուն խումբ մը, որոնց ընկերացած էր Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին։

Ներկաներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պան նշեց թէ անցեալ մայիս 20ին, սկիզբ առաւ միասին վազենք մարզական ձեռնարկը , իբրեւ երախտագիտութիւն եւ զօրակցութիւն երկու իրականութիւններուն՝առաջինը հոգ տանիլ քորոնա ժահրով վարակուածներուն, երկրորդ, Պրէշիայ Յովհաննէս ԻԳ Պապ հիւանդանոցին,։ Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց  Յովհաննէս ԻԳ անուան հիւանդանոցի անձնակազմին ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի մէջ հիւանդներուն սպասարկող աշխատաւորներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ տարբեր երկիրներու մարզիկներուն, որոնք մարզական առարկաներ նուիրեցին զօրակցական աճուրդին համար։  Ան գոհունակութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր այն մարզիկներուն որոնք իրենց բնակարանները տրամադրեցին անմիջական հանդիպումի համար։

«Միասին վազենք» ծրագիրի միջոցաւ Մարդկային եւ մարզական  միեւնոյն արժանապատւութեան  միատեղ հաւաքուեցան աշխարհի ախոյեաններ ու  հաշմանդամութիւն  ունեցող ախոյեաններ, ինչ որ պատիւ կը բերէ մարզանքին ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ, աւելցնելով որ ներառական,  եղբայրական մարզանքը կարող է նաեւ բուժել վէրքերը, կամուրջներ կառուցել եւ  ընկերային բարեկամութիւն։
Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ որ Վատիկանի Մարզիկներու խումբ միեւնոյն հոգիով յառաջ կ՝ընթանան։

Ան ապա ներկաներու նուիրեց, Վատիկանի տպագրատունի կողմէ հրապարակուած մարզանքի մասին խօսքեր բովանդակող փոքրիկ հատորը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ըսելով «Ասուծոյ օգնութեամբ միասին վազենք մարդկային եղբայրութեան ու արժանապատուութեան ի սպաս։ Շնորհակալութիւն։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2020, 11:31