Զօրակցութիւն, սէր, գուրգուրանք Զօրակցութիւն, սէր, գուրգուրանք 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Հիւանդութեան վիճակը յիշեցում է այն վճռական վերաբերմունքին մարդուն համար՝ վստահութիւնը»

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը կնախտաբանութեան ուռուցքաբանական համաշխարհային համագումարին մասնակիցներուն։

Ուրբաթ, սեպտեմբեր, 11ին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց կնախտաբանութեան ուռուցքաբանական համաշխարհային տարեկան համագումարի մասնակիցները։

Ունկնդրէ լուրը

Ներկաներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը սոյն հանդիպումը առիթ նկատեց ճանչնալու եւ գնահատելու  վերոնշեալ ընկերակցութեան յանձնառումը ի նպաստ դժուար եւ բարդ  հիւանդութիւններէ տառապող  կիներուն։

Ան ապա անդրադառնալով ընկերակցութեան վեհանձն ծառայութեան, շեշտը դրաւ հիւանդներուն հետ զօրակցութեան կապ ստեղծելու կարեւորութեան վրայ,  յորդորելով որ այդ կապին մէջ ներգրաւեն հիւանդներուն հարազատները ու առողջապահական գործիչները ,նկատի առնելով միշտ հիւանդներուն հոգեբանական վիճակը։

Ֆրանչիկոս Պապ ընկերկացութեան անդամները քաջալերեց միշտ բարի յարաբերութիւններ հաստատել հիւանդներուն հետ նկատել տալով, որ այդ բարի յարաբերութիւններ  օգտակար են ո  յոյս կը ներշնչեն հիւանդներուն։

«Հիւանդ անձը փրոթոքոլէն աւելի է։ Հիւանդապահներուն բարի յարաբերութիւնը մաս կը կազմէ ամոքումի աշխատանքներուն, որոնք մեծապէս կը նպաստեն հիւանդներուն՝ իրենց սիրտերը բանալու եւ վստահելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ Պապ  իր մտահոգութիւնը յայտնեցայն այն գծով, որ հիւանդներուն նկատմամբ մարդկային պատասխանատուութիւնը յաճախ ձգուած է բարիք կամք ունեցող բժիշկներուն եւ ոչ առողջապահական կառոյցներուն։ Ան նկատել տուաւ, որ տնտեսութիւնը պէտք չէ, որ մուտք գործէ առողջապահութեան աշխարհէն ներս, խաթարելով էական տարրերը, ինչպէս հիւանդներուն հետ յարաբերութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ առողջապահական մարզէն ներս տնտեսութիւնը անհրաժեշտ նկատելով հանդերձ յորդորեց    հիւանդ կիներն ու հիւանդանոցի անձնակազմը առաջնահերթ կարգին զետեղել, որպէսզի անոնք պատշաճ կերպով կարենան գործել։

Ան քաջալերեց ընկերակցութեան անդամները տարածելու իրենց ուսումնասիրութեան դրական արդիւնքները, իրենց հոգատարութեան տակ գտնուող հիւանդ կիներուն։

«Հիւանդութեան վիճակը յիշեցում է այն վճռական վերաբերմունքին՝մարդու համար, որ է վստահութիւնը։ Վստահիլ ուրիշին եղբօր ու քրոջ, վստահիլ Ուրիշին՝ գլխագիր տառով, որ է Մեր երկնային Հայրը։ Կը յիշեցնէ նաեւ մօտիկութեան արժանիքը, եղբայրսիրութիւնը ինչպէս Յիսուս մեզի սորվեցուց Բարի Սամարացիին առակին մէջ (Ղուկ 10,25-37). Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խօսքը։ 

Ան ապա ամէն բարիք մաղթեց ընկերակցութեան գործունէութիւններուն, Աստուծոյ օրհնութիւնները հայցեց ընկերակցութեան անդամներուն ու անոնց խնամքի տակ գտնուող հիւանդներուն վրայ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապահովցնելով իր աղօթքը բոլորին համար խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2020, 13:07