Համագումարէն առնուած լուսանկար Համագումարէն առնուած լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Համաճարակի փորձարութիւնը մեզ մղեց էականին նայելու եւ ոչ մակերեսային երեւոյթներուն։»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը “European House – Ambrosetti” համագումարի մասնակցիներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիկսկոս Սրբազան քահանայապետը պատգամ մը յղեց 4-էն-5 սեպտեմբերին կայացած  “European House – Ambrosetti” համագումարի մասնակիցներուն, որուն մէջ ողջունելով ժողովականները նկատել տուաւ ,որ այս տարի ընկերութեան, տնտեսութեան առնչուող նիւթերուն քննարկումը պահանջ ունի արտակարգ յանձառումի մը,  պատասխանելու համար առողջապական տագնապէն յառաջացած մարտահրաւէրներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը պատգամի մէջ նշեց թէ «Համաճարակի փորձարութենէն բոլորս սորվեցանք, թէ ոչ մէկը կրնայ առանցին փրկուիլ։ Աւելի լաւ հասկցանք, թէ իւրաքանչիւր անհատական որոշում կը հայի ուրիշին կեանքին, անոր, որ մեր կողքին կը գտնուի  ֆիզիքապէս, կամ ալ աշխարիհին այլ անկիւնի մը մէջ։ ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ , որ մշակութային ընդհանուր գետնի վրայ, համաճարակի փորձարութիւնը մեզի այլ բան սորվեցուց։ Ան մեզի ցոյց տուաւ գիտութեան մեծութիւնը, սակայն իր սահմանափակումներով։ Համաճարակի փորձարութիւնը տագնապի մատնեց արժանիքներուն համաչափը, ուր առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ դրամն ու իշխանութիւնը։ Համաճարակի փորձարութիւնը մեզ ստիպեց էականին նայելու եւ ոչ մակերսային երեւոյթներուն։ գրեց ֆրանչիսկոս Պապ

Ան ապա ակնրակելով աշխարհի մէջ ներկայ տնտեսական կացութեան, հասատատեց թէ իսկական շահը կը կայանայ  բոլորին հասանելի հարստութեան մէջ։ «Ինչ , որ իսկապէս ունիմ, այն է,  որ գիտեմ զայն պարգեւել։( Հրապարակային ունկնդրութիւն, 7 նոյեմբեր 2018)։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ ողբերգութեան մէջ, որուն մէջ տակաւին համայն մարդկութիւնը կը գտնուի ,ոչ իսկ գիտութիւնը, արհեստավարժութիւնը բաւարար եղան։  Բազմաթիւ անձերուն կողմէ վեհանձնութեան եւ քաջութեան ժեսթերը, վճրական տարր հանդիսացան, եւ այս մէկը բոլորս կը  մղէ դուրս գալու այն արհեստագիտական տիպարէն՝ հասկցուած որպէս միակ եւ գերիշխող հարցերու լուծումը, տիպար մը բնորոշուած տիրանալու տրամաբանութիւնով։

Սրբազան Քահանայապետը մատնանիշ ըրաւ, թէ բնութեան եւ մարդ արարածի նկատամբ անհրաժեշտ է մտայնութեան փոփոխութիւն մը, որ կ՝ընդլայնէ հայեացքը եւ կ՝առաջնորդէ արհեստագիտութիւնը,  զետեղելով զարգացումի այլ տեսակ ծառայութիւն մը աւելի առողջ՝ աւելի մարդկային, ընկերային, համապարփակ ծառայութիւն։

«Զատորոշումի ժամամակն է բայոյական, հասարակաց բարիքի լոսյին ներքոյ« նշեց ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ աւելցնելով, թէ Յիսուս բոլորս կը հրաւիրէ, չկանգնելու արտաքին երեւոյթներուն դիմաց, այլ իմաստութեամբ զատորոշելու ժամանակի նշանները։ Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ նկատեց երկու տարրեր, դարձի գալն ու ստեղծագործականութինը։

Ինչ կը հայի բնապահպանողական դարձի գալուն, ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ այդ մէկը մեզ կ՝օգնէ դանդաղեցնելու  տմարդկային սպառումն ու արտադրութիւնը, ըմբռնելու եւ հասկնալու համար բնութիւնը  եւ կապ հաստատելու շրջակայի միջավայրին հետ։

«Կանչուած ենք ստեծագործներ ըլլալու՝ նման արհեստաւորներուն, կերտելով նոր ուղիներ՝ հասարկաց բարիքին ի սպաս։» Գրեց ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով թէ կարելի է ստեղագործ ըլլալ՝ լոկ եթէ կարող ենք ընկալել Սուրբ Հոգիին շունչը, որ  մեզ կը մղէ հասուն եւ նոր ընտրանքները առնելու, քաջ ընտրանքներ, որոնք  մեզ կը դարձնեն մարդկային համապարափակ զարգացման թարգման՝ այդ մարդիկ ու կիներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նշեց, թէ այսպիսի դարձի գալու եւ ստեծագործ ըլլալու համար հրամայական է դաստիարակել եւ աջակցիլ տնտեսագէտ եւ գործակալ նոր սերունդները։ Այս իսկ պատճառաւ  Ինք յառաջիկայ 19-էն-21 նոյեմբերի  երիտսասարդ գործակալներն ու տնտեսագէտները հրաւիրեց Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի քաղաքը , դիտել տալով , որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի աղքատութեան ընտրանքէն ժառագայթեց տնտեսութեան նոր տեսլական մը, որ տակաւին այժմէական է ։

Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ վեհաժողովի օրակարգին վրայ դրուած այլ նիւթին «ապագայ քաղաքը։ Այս առնչութեամբ նշեց,  թէ Սուրբ Գիրքին մէջ մարդկութեան ճակատագիրը իր լիութեան կը հասնի մէկ քաղաքի մը  մէջ,   որ  է  երկնային Երուսաղեմը, նկարագրուած յայտնութեան գիրքին մէջ։ «Խաղաղութեան քաղաքը ինչպէս ցոյց կու տայ իր անունը, որուն դռները միշտ բաց են բոլորին դիմաց, գեղեցիկ, աղբիւրներու, ծառերու, հիւրընկալ քաղաք ուր՝ հիւանդութիւն ու մահը յաղթահարուած են։ Այս վեհանձն նպատակը կրնայ խթանել մարդկութեան լաւագոյն ուժերը ,աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու համար։ Ձեզ կը հրաւիրեմ ձեր հայեացքը բարձրացնել եւ ունենալ մեծ իտէալներ։ Գրեց ֆրանչիսկոս Պապ

Ան պատգամը աւարտեց մաղթելով, որ վեհաժողովը «արդիւնաբեր դառնայ եւ օգնէ միասնաբար կառուցելու նոր տնտեսութեան ձեւեր, պայքարելով մեկուսացման երեւոյթներուն դէմ,  եւ առաջարկելով նոր ապրելակերպ ու ձայն անոր, որ ձայնէ զուրկ է։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2020, 12:40