Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ֆիլիփինեան կղզիներու կաթողիկէ դաստիարակներուն.« Եղէք հաւատքի իսկական վկաներ»։

Կաթողիկէ դաստիարակութիւնը պէտք է սորվեցնէ ոչ միայն քննադատական մտածողութիւնը, այլ նաեւ «քրիստոնէական բարոյականութեան եւ վարդապետութեան կազմաւորումը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աշակերտներուն սորվեցնելու էք ոչ միայն ըլլալ փայլուն աշակերտներ այլ նաեւ հաւատքի իսկական վկաներ» այս է համառօտութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը՝ ուղղուած Ֆիլիփինեան կղզեխումբի կաթողիկէ դաստիարակներուն, որոնք 21 -25 սեպտեմբեր գումարած են իրենց տարեկան համագումարը, որ այս տարի, համաճարակի բերումով, տեղի կ՛ունենայ առցանց եւ որուն, ինչպէս ամէն տարի, կը մասնակցին, Երկրին 1500 կաթողիկէ դպրոցներու դաստիարակչական կազմը։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին խրախուսական պատգամը կը կրէ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը, որուն մէջ Ան կը յիշեցնէ որ Կաթողիկէ դաստիարակութիւնը պէտք է սորվեցնէ ոչ միայն քննադատական մտածողութիւնը, այլ նաեւ «քրիստոնէական բարոյականութեան եւ վարդապետութեան կազմաւորումը»։  «Այսպէսով է որ ան պիտի կազմաւորէ այրեր եւ կիներ որոնք պատրաստ պիտի ըլլան ստանձնելու մեծ պատասխանատուութիւններ ընկերութեան մէջ եւ աշխարհին վկայելու իսկական հաւատքը» նշուած է Քահանայապետական պատգամին մէջ, որուն ընթերցումը կատարեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Կաթողիկէ դաստիարակչական ընկերակցութեան նախագահը Հայր Էլմեր Տիզոնը։

Նշենք թէ ի շարս այլ զեկոյցներու ուրբաթ 25 սեպտեմբերին կը սպասուի նաեւ  Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէի ելոյթը։։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2020, 12:30