Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆարանչիսկոս Պապ. «Հարստութիւնները փոխակերպերպել յարաբերութիւններու»

Ֆրանչիսկոս Պապին 18 օգոստոսի թուիթը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 18 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ լոյս տեսաւ նոր թուիթ մը ,որուն մէջ Սրբազան Հայր կը զգուշացնէ հարստութիւն դիզելէ ապա կը յորդորէ հետեւիլ Յիսուսի առաքեալներուն տուած յորդորին, որ է հարստութիւնները փոխակերպել յարաբերութիւններու, որովհետեւ մարդ արարածը աւելի արժէքաւոր է քան իրերն  ու հարստութիւնները։ 

«Հարստութիւնը կրնայ մեզ մղել պատնէշներ բարձրացնելու։ Յիսուս, ընդհակառակը իր աշակերտները հրաւիրեց հարստութիւններն ու ունեցուածքները յարաբերութիւններու փոխակերպելու, որովհետեւ անձերը աւելի կ՝արժեն քան իրերը. անձերը աւելի արժէք ունին քան ունեցուած հարստութիւնները»։ Նշած է Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակած թուիթին մէջ։ 

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2020, 13:30