Ժան Մարի Վիաննէ՝ Սուրբ Քիւրէ Տ՛Արսը Ժան Մարի Վիաննէ՝ Սուրբ Քիւրէ Տ՛Արսը 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը Ժան Մարի Վիաննէ՝ Սուրբ «Քիւրէ Տ՛Արսին» ծիսական տօնին առթիւ։

Տիրոջմէ հայցենք դառնալ մարդիկ՝ որոնք իրենց կեանքով կը վկայեն կարեկեցուիւնը եւ ողորմութիւնը զոր միայն Յիսուս կարող է մեզի ընծայել

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

4 օգոստոսին կը յիշատակուի Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէ՝ «Քիւրէ Տ՛Արսին»  ծիսական տօնը։

Աղքատ ընտանիքի զաւակ Ժան Մարի Քահանայութեան հասած է յաղթահարելով մեծ դժուարութիւններ յատկապէս ուսման գետնի վրայ։ Փոքրիկ հասակին ան իղձ յայտնած էր կեանքը նուիրել Քրիստոսի սակայն իր գիւղի ժողովրդապետը զայն ատակ չի նկատելով կը մերժէ անոր դիմումը։ 20 տարեկանին Ժան Մարի կ՛իմանայ թէ Էքիւլլիի ժողովրդապետը՝ Հայր Պալլէյ պատրաստակամ է իր մօտ հիւրընկալելու քահանայութեան ձգտող երիտասարդներ ու անոր դիմելով կը փոխադրուի Էքիւլլի ուր կը շարունակէ իր ուսումները։Քահանայ կը ձեռնատուրի՝ 13 օգոստոս 1815-ին, 29 տարեկանին ու քահանայական ծառայութիւնը կը մատուցէ Էքիւլլի մէջ որպէս Աբբահայր Շարլ Պալլէյի փոխանորդ։ Հայր Պալլէյի մահէն ետք Ժան Մարի կ՛ուղարկուի Արս գիւղաքաղաք, ուր իր կեանքը կը նուիրէ Աւետարանութեան, ու յատկապէս  Խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարութեան։ Իր սրբակեաց ու աղօթքի նուիրուած կեանքով Քիւրէ Տ՛Արսը օրինակ կը հանդիսանայ շատերուն, որոնք իմանալով անոր համբաւի մասին կը փութան Արս մօտէն ճանչնալու Աստուծոյ նուիրուած այդ հոգեւորականը։

Ունկնդրէ լուրը

Քիւրէ Տ՛Արս մահացաւ 1859-ին 40 տարիներ ամբողջ իր նուիրական ծառայութիւնը մատուցելով Արս գիւղաքաղաքին մէջ։ Անոր մարմինը անաղարտ կը հանգչի «Ars-sur-Formans» ուխտավայր Պազիլիքային մէջ։

Անոր մահուընէ 40 տարիներ ետք Պիոս Ժ Պապը զինք  երանելի կը հռչակէ՝ 8 յունուար 1905-ին, մինչ 31 մայիս 1925-ին Պիոս ԺԱ Քահանայապետը զայն կը դասէ սուրբերու շարքին ու կը հռչակէ ժողովրդապետներու պաշտպան սուրբ։

Քիւրէ Տ՛Արսի մահուան 100րդ տարեդարձին առթիւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը անոր կը նուիրէ շրջաբերական մը՝ զինք ներկայացնելով որպէս քահանաներու տիպար

Քիւրէ Տ՛Արսի ծիսական տօնին առթիւ՝ 4 օգոստոս 2020-ին  Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակեց հետեւեալ թուիթը. «Սիրելի քահանայ եղբայրներ, Տիրոջմէ հայցենք դառնալ մարդիկ որոնք իրենց կեանքով կը վկայեն կարեկցութիւնը եւ ողորմութիւնը զոր միայն Յիսուս կարող է մեզի ընծայել»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2020, 13:30