Զատկական  խորհուրդը Զատկական խորհուրդը 

«Զատկական խորհուրդը ընտրել մեր կեանքի կեդրոն». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Յիսուսին Զատիկը անցեալի իրադարձութիւն մը չէ, ան Սուրբ Հոգւոյն շնորհքի զօրութեամբ միշտ ալ այժմէական է ու մեզի թոյլ կու տայ՝ բազմաթիւ տառապանքներու ընդմէջէն հաւատքով դպչելու Քրիստոսի մարմնին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Զատկական խորհուրդը ընտրել մեր կեանքի կեդրոն կը նշանակէ  գթութիւն արտայայտել խաչեալ Քրիստոսի վէրքերուն համար, որոնք ներկայ են պատերազմներու, բռնութիւններու, կեանքի դէմ չարաշահումներու, բնապահպանական աղէտներու ու աղքատութեան բազմաթիւ անմեղ զոհերուն մէջ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շաբաթ 29 օգոստոսին հրապարակած թուիթը, որուն պարունակութիւնը ներշնչուած է Քահանայապետի այս տարուայ քառասնորդացի առթիւ հրապարակած պատգամէն, որուն բնաբանը քաղուած էր Սուրբ Պօղոսի Կորնթացիներու ուղղած երկրորդ նամակէն. «Կ՛աղաչենք ձեզի յանուն Քրիստոսի՝ հաշտուեցէք Աստուծոյ հետ (Գլ. 5,20).»։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը ի մէջ այլոց գրած էր. «Յիսուսին Զատիկը անցեալի իրադարձութիւն մը չէ, ան Սուրբ Հոգւոյն շնորհքի զօրութեամբ միշտ ալ այժմէական է ու մեզի թոյլ կու տայ՝ բազմաթիւ տառապանքներու ընդմէջէն հաւատքով դպչելու Քրիստոսի մարմնին»։ Ան հուսկ նկատել տուած էր որ «Քրիստոնեան կ՛աղօթէ այն գիտակցութեամբ, որ ինք սիրուած է անարժանաբար եւ աղօթքը կարող է կակուղցնել մեր սրտին դառնութիւնը ու զայն մղել դարձի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2020, 13:30