Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Անկեղծութիւնն ու լոյսը Աստուծմէ կու գան մինչ կեղծաւորութիւնը սատանայէն»։

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 օգոստոսի թուիթը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, օգոստոս 24,ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պաշտօնական թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակուեցաւ նոր թուիթ մը, որուն բովանդակութիւն քաղուած է Նորին Սրբութեան քարոզէն, արտասանած Եպիսկոպոսներուն սինոդի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագին ընթացքին։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակած իր թուիթին մէջ կը յորդորէ, անկեղծ ու թափանցիկ գտնուիլ Աստուծոյ հանդէպ, որովհետեւ անկեղծութիւնն ու լոյսը Աստուծմէ կը յառաջանան մինչ կեղծաւորութիւնն ու անթափանցկութիւնը սատանայէն։

«Աղօթել կը նշանակէ, թոյլ տալ Աստուծոյ որ մեր ներսդին նայի առանց ձեւացումներուն, առանց պատրուակներու ու  արդարացումներուն, որովհետեւ անթափանցկութիւնն ու  կեղծիքը սատանայէն կու գան, մինչ Լոյսն ու Ճշմարտութիւնը Աստուծմէ։» Նշուած է Ֆրանչիսկոս Պապին այսօրուան թուիթին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2020, 13:30